15 Յուլիսին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ֆրասքաթի Թեմին Մէջ Կը Գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը
։
Ընդառաջելով Հռոմի շրջանի ֆրասքաթի Թեմի Առաջնորդ` Գերապայծառ Ռաֆֆաէլլօ Մարթինելլի-ի
հրաւէրին, յառաջիկայ 15 յուլիսին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հովուական այցելութեամբ
պիտի երթայ Հռոմէն ոչ շատ հեռու ֆրաս քաթի թեմը ուր առաւօտեան ժամը 9.30 պիտի գլխաւորէ
բացօթեայ Սուրբ Պատարագը ֆրասքաթի-ի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Սուրբ Պետրոսի անունը կրող
հրապարակին վրայ։ Նորին Սրբութեան Հովուական այցելութիւնը կը զուգադիպի Սուրբ Փիլիպպոս
ու Յակոբոսի տօնին , ֆրասքաթի Թեմի Պաշտպան Սուրբերը ։ Արարողութեան աւարտին
Սրբազան Հայրը կը վերադառնայ Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Ամարանոցը ուր կ՛արտասանէ
<<Հրեշտակ Տեառն>> կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը։