2012-07-12 13:14:19

Հայաստանի Մէջ Գործազրկութեան Իրական Ծաւալը՝ Ըստ «Կելոփ» Ամերիկեան Ընկերութեան։


Հասարակական կարծիքներու մասին հարցախոյզներու «Կելոփ» ամերիկեան ընկերութիւնը հրապարակած է 2011ին աշխարհի մէջ գործազրկութեան իսկական ծաւալը, որ սահմանուած է հարց ՈՒ պատասխաններու հիման վրա, ներառելով նաեւ անձեր, որոնք կ՛աշխատին ոչ լրիւ աշխատանքային օր եւ կը փափաքին փոխել այդ պարագան: Սակայն անոնք, որոնք միայն քանի մը ժամ կ՛աշխատին եւ չեն ուզեր աշխատանքային լրիւ օր ունենալ, չեն համարուած գործազուրկներ:
Հայաստանի մէջ, ըստ «Կելոփ»ի՝ իրականութեան մէջ գործազուրկ է կիներու 73, իսկ այր մարդոց 62 տոկոսը: Իսկ պաշտօնական տուեալներով՝ 2011ի Դեկտեմբերի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ գործազուրկներուն թիւը կազմած է վեց տոկոս՝ տարեսկիզբին համեմատ նուազելով մէկ տոկոսով:
Կիներու գործազրկութեան ցուցանիշը 70.9 տոկոս է եւ կը շարունակէ բարձր մնալ: Հայաստանի մէջ 2011 Մայիսին, ըստ ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան՝ պաշտօնապէս արձանագրուած էր 75,000 գործազուրկեր, որոնցմէ 52 հազարը՝ կիներ:
Ատրպէյճանի մէջ այդ թիւերը կը կազմեն հարիւրէն 63(կին) եւ 54(այր մարդ) տոկոս, Վրաստանի մէջ՝ 70 եւ 69, իսկ Իրանի մէջ՝ 81 եւ 75 տոկոս:








All the contents on this site are copyrighted ©.