2012-07-12 13:01:02

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ


Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն
Զրոյց Երեսներորդ – Գլուխ Բ. ­

ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (9)
Հարցում թիւ 100. Ձիթենեաց Լերան վրայ, իր մահուան նախօրեակին, Յիսուս իսկապէս զգա՞ց անձկութիւնը մահուան առջեւ։

Որովհետեւ Յիսուս իսկապէս մարդ էր, Ձիթենեաց լերան վրայ` իսկական անձկութիւն մը զգաց մահուան առջեւ։
Իր մարդկային ուժերով` որոնք յար եւ նման են մերիններուն, Յիսուս ստիպուեցաւ մղել ներքին պայքար մը որպէսզի ամբողջովին համակերպէր Հօրը կամքին, որ կը պահանջէր իրմէ տալ իր կեանքը աշխարհի փրկութեան համար։ ամենադժուարին վայրկեանին` լքուած բոլորէն եւ նոյնիսկ իր բարեկամներէն, Յիսուս որոշեց այո ըսել։ Հայր, եթէ անհրաժեշտ է որ այս բաժակը խմեմ, թող քու կամքդ ըլլայ (Մատթէոս, 26, 42)։
Հարցում թիւ 101. Ինչու՞ Յիսուս ուզեց մեզ փրկել յատկապէս խաչի մը վրայ։

Խաչը որուն վրայ անմեղ Յիսուսը սպաննուեցաւ վայրագ կերպով` վայրն է ամէնէն ամբողջական խոնարհեցումին եւ լքումին։ Քրիստոս` մեր Փրկիչը, ընտրեց խաչը որպէսզի կրէր աշխարհի մեղքը եւ տառապէր աշխարհի ցաւով։ Այսպէսով` իր կատարեալ սիրով, ան աշխարհը դարձուց դէպի Աստուած։
Աստուած չէր կրնար ցոյց տալ իր սէրը աւելի ազդու կերպով եթէ ոչ` թողլով որ զինք գամեն խաչի վրայ, մեզի համար, յանձին իր Որդւոյն։ Խաչելութիւնը հին դարերու մահապատիժներուն ամէնէն անարգականն ու դաժանն էր։ Ինչ ալ ըլլար Հռովմէական ինքնութիւն ունեցող անձերուն յանցանքը, իրաւունք չունէին զիրենք խաչելու։ Յիսուս այսպէսով մուտք գործեց մարդկութեան ամենախորին չարչարանքներու ծիրէն ներս։ ասկէ վերջ ոչ մէկը իրաւունք ունի ըսելու թէ Աստուած չի հասկնար իմ տառապանքներս։
Հարցում թիւ 102. Ինչու՞ մենք եւս պէտք ենք ընդունիլ տառապանքը մեր կեանքին մէջ, կրել մեր խաչը եւ հետեւիլ Յիսուսի։
Քրիստոնեաները պէտք չեն փնտռել տառապանքը ինքնին, սակայն երբ բախին անխուսափելի տառապանքի մը, աւելի իմաստալից կ՛ըլլայ երբ միացնեն իրենց տառապանքները Քրիստոսի չարչարանքին. Պետրոս առաքեալ կ՛ըսէ. ՙՔրիստոս եւս չարչարուեցաւ ձեզի համար, թողլով ձեզի օրինակ մը, որպէսզի հետեւիք դուք ալ իր հետքերուն։՚ (Ա. Պետրոս 2,21)։
Յիսուս ըսաւ. Եթէ մէկը ուզենայ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ հետեւի ինծի (Մարկոս 8,34)։ Քրիստոնեաները պարտականութիւնն ունին պայքարելու աշխարհի մէջ եղող տառապանքին դէմ։ Եւ սակայն չարչարանքը պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ։ Հաւատքով` կրնանք ընդունիլ մեր տառապանքը եւ բաժնեկից ըլլալ ուրիշներու տառապանքին։ Այս ձեւով` մարդկային տառապանքը կ՛ընդելուզուի Քրիստոսի փրկարար սիրոյն եւ կը կազմէ մաս աստուածային զօրութեան, որ կը քաշէ աշխարհը դէպի երջանկութիւն։
Հարցում թիւ 103. Յիսուս իրապէս մեռա՞ւ, թէ կրցաւ յարութիւն առնել որովհետեւ իր մահը երեւութական էր։
Յիսուս Քրիստոս իրապէս մեռաւ խաչին վրայ։ Իր մարմինը թաղուեցաւ։ Բոլոր աղբիւրները կը վկայեն այդ մասին։
Յովհաննէսի Աւետարանի 19-րդ գլխուն 33-րդ համարին մէջ` զինուորները կը հաստատեն բացայայտ կերպով Յիսուսի մահը։ Գեղարդի հարուածով մը անոնք կը խոցեն կողը Յիսուսի եւ կը նշմարեն որ միայն արիւն եւ ջուր կը հոսին անկէ։
Ասոր վրայ կարելի է աւելցնել թէ անոնք ջարդեցին միւս խաչեալներու սրունքները – զգուշութիւն մը որ կ՛արագացնէր մահուան ընթացքը – սակայն այս զգուշացումը պէտք չեղաւ Յիսուսի համար, որովհետեւ ան արդէն մեռած էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.