2012-07-11 13:02:04

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Զորեքշաբթի 11 յուլիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 18ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ կը մասնակցի իրեն ի պատիւ սարքուած դասական երաժշտութեան համերգի մը, նուիրուած մայէսթրոս Տանիէլ Պարէնպոյմի եւ West-Eastern Divan Orchestra-յի կողմէ։
Դասական երաժշտութեան այս համերգի յայտագիրը կը նախատեսէ Լուտվիկ Վան Պէթհովէնի 5րդ եւ 6րդ համանուագի (սինֆոնիա) ներկայացումը։

Նշենք որ Յուլիս ամսուայ ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի պաշտօնական ելոյթները դադրած նկատուած են ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները որոնք կը վերսկսին օգոստոսի սկիզբը։

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի յայտարարութեան համաձայն վերոյիշեալ համերգին ներկայ կը գտնուի նաեւ Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահ` Տիար ճորճօ նափոլէթանոն ու անոր կողակիցը որ գասթել կանտոլֆոյ կը ժամանեն երեկոյեան 17.30ին ու Սրբազան Հօր հետ հակիրճ հադիպումէ մը ետք միասնաբար կ՛ուղղուին Քահանայապետական Պալատի ներքնափակը ուր տեղի կ՛ունենայ համերգը։

Համերգի սկիզբը խօսք կ՛առնէ Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ` Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին իսկ համերգի աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր ողջոյնի խօսքը կ՛ուղղէ նուագախումբին ու ներկաներուն։

Ընդառաջելով Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրին, Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահը Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Պալատին մէջ Սրբազան Հօր հետ միասին կը բաժնեկցի սիրոյ սեղանը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.