Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ՝ Միջ-Եկեղեցական Հանդիպում Անթիլիասի Մէջ։
Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ Յուլիս 10-ին միջ-եկեղեցական կարեւոր համդիպում մը
տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին Միջին Արեւելքի
Եկեղեցիներու Խորհուրդէն ներս կաթողիկէ եկեղեցիներու ընտանիքի Նախագահ Ասորի կաթողիկէ
Պատրիարք Իգնատիոս Եուսուֆ Գ. Եունան, Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար Փօլ Ռուհանա Եպիսկոպոսը,
ապա փոխ-ընդհ. Քարտուղարը եւ Գործադիր Վարչութեան անդամներ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան
Խորհուրդի յառաջիկայ աշխատանքներուն առնչուած կարեւոր հարցեր: Այս առիթով նաեւ ներկաները
ընդհանուր արժեւորումի ենթարկեցին Միջին Արեւելքէն ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները
եւ այս ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու
դիմագրաւած մտահոգութիւնները: Յայտնենք, որ Սուրիայէն ներս ստեղծուած կացութեան առաջին
իսկ օրէն Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը իր գրասենեակներու ճամբով մարդասիրական
օգնութիւն սկսաւ ընծայել բոլոր գաղթականներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն առանց խտրութեան:
Շուրջ ամիս մը առաջ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գումարած իր վերջին ժողովին, Խորհուրդի
Գործադիր Վարչութիւնը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը այս ուղղութեամբ, կոչ ուղղելով
արեւմտեան եկեղեցիներուն կրկնապատկելու իրենց նիւթական օժանդակութիւնը: Արամ Ա.Վեհափառ
Հայրապետը որպէս Նախագահ մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ մէջ կատարուող այս աշխատաքներուն: