2012-07-11 14:39:36

«Արի Տուն»ը Աշխարհի Տարբեր Երկիրներէ Հայրենիք Կը Բերէ Հայ Երիտասարդներ.


ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մօտ կայացաւ «Արի տուն» 2012 ծրագրի չորրորդ փուլին բացումը, ներկայութեամբ Երեւանի վարչական շրջաններու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, սփիւռքի հայ համայնքներու, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ ընտանիքներու ներկայացուցիչներու եւ «Արի տուն» 2012 ծրագրի չորրորդ փուլի մասնակիցներու:
Ողջունելով ներկաներն ու ազդարարելով «Արի տուն» 2012 ծրագրի չորրորդ փուլի մեկնարկը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեան նշեց,- «Ամէն անգամ հանդիպելով «Արի տուն» ծրագրի մասնակիցներին` ոգեշնչւում եմ, որովհետեւ ծրագիրն, իրօք, այնքան հրաշալի է եւ գեղեցիկ, որ աշխարհի տարբեր երկրներից հայրենիք է բերում հայ երիտասարդներին` համախմբում, մերձեցնում, միաժամանակ նրանց մէջ ամրապնդում ազգային մշակոյթը, մայրենի լեզուն պահպանելու, հայրենիքը սիրելու զգացումը». ապա հայրենի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն, իրենց աջակցութեան համար ու նաեւ հիւրընկալ ընտանիքներուն:
Շնորհակալութեան խօսք արտասանեցին նաեւ Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի «Վիքթորիա եւ Գրիգոր Թիւթիւնճեան» վարժարանի մայրենիի ուսուցչուհի Էլիզապէթ Վարդանեանը, եւ Ռուսաստանի Փերմի մարզի Հայկական մշակոյթի կեդրոնի «Մեսրոպ Մաշտոց»ի անուան կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Ժասմէն Հայրապետեան։
«Արի տուն» ծրագրի չորրորդ փուլին պիտի մասնակցի ԱՄՆ-էն, Վրաստանէն, Գանատայէն, Արժանթինէն, Ռուսաստանէն, Ռումանիայէն, Պուլկարիայէն, Գերմանիայէն, Կիպրոսէն, Հոլանտայէն ժամանած շուրջ 200 երիտասարդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.