2012-07-10 13:16:04

Ֆրանսան Աշնան Պիտի Քննարկէ Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը ։ Նախագահ Օլլանտ Հաւատարիմ Կը Մնայ իր Դիրքորոշումին։


Ֆրանսան Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծը քննարկման պիտի դնէ աշնան, կը տեղեկացնէ «Ֆրանս Փրես» ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Ֆրանկ Փափազեան գործակալութեան տեղեկացուցած է, որ նախագահ Ֆրանսուա Օլլանտ աշնան երկրորդ կիսուն պիտի սկսի քննարկումը օրինագիծի, որ պիտի ներկայացուի կառավարութեան կողմէ:
Օլլանտ օրերս վերահաստատած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու իր մտադրութիւնը: Նախագահական նստավայրէն յայտարարած էին, որ Օլլանտ իր նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին արտայայտած է իր դիրքորոշումը եւ հաւատարիմ կը մնայ անոր:
«Մենք պէտք է գտնենք ճանապարհ մը, որ նոր նախագիծը կը համապատասխանեցնէ Սահամանադրութեանը»,- յայտարարած էին Էլիզէի Պալատէն:
Ինչպէս ծանօթ է վերջերս ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Լորան ֆապիուս վստահեցուցած էր որ նոր կառվարութիւնը պիտի չփորձէր ուրացումը պատժող օրէնք մը բերերլ, քանի նախորդը մերժուեցաւ Սահմանադրական Ատեանէն եւ այս հաւաստիացումը ֆապիուս ըրած էր Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին, ընդվզում յառաջացնելով ֆրանսահայ համայնքի մօտ։ Այժմ ֆրանսայի Հայ Համայնքը գոէ է Էլիզէի Պալատի կողմէ կատարուած լուսաբանութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.