2012-07-10 12:39:58

Էջ Մը Հայոց Պատմութենէն
ՍԿԻԶԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՑ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ (885)
ԱՇՈՏ Ա.ԹԱԳԱՒՈՐ (885-890)


Անստոյգ տարիներ (849-860)
Հայկական 4 նախարարական մեծ տուները (Արծրունի, Սիւնի, Մամիկոնեան եւ Բագրատունի) դժբախտաբար յաճախ անմիաբան էին իրարու հետ։ Ասկէ օգտուելով` արաբական գունդերը կ՛արշաւէին Հայաստան եւ շատ մը աւերներ կը գործէին մեր երկրին մէջ։ Առաջինը եղաւ Եուսուֆ Ոտիկանը որ գրաւեց Տարօնն ու Վանը (851-852). Սակայն ի վերջոյ Սասունցիերը կրցան պարտութեան մատնել իր բանակը եւ զինք սպաննել։ Ապա եկաւ ծագումով թուրք մը Բուղան անունով 200.000հոգինոց բանակով։ Սկիզբը մեծ յաղթա-նակներ տարաւ, սակայն Կովկասի մէջ ծանր պարտութիւն մը կրեց ու քաշուեցաւ։ Այս արշաւանքները դադրեցան երբ 860-ին խալիֆա եղաւ Ալ-Մոսթային, որ Հայերը սիրաշահելու համար` Հայաստանի ոստիկան կարգեց Ալի Արմէն անունով մէկը որ իսլամացած հայ մըն էր։
Աշոտ Իշխանաց Իշխան (861-885)
Աշոտ Բագրատունի 856-էն ի վեր գլուխն անցած էր հայկական բանակներուն։ Ան յաջողեցաւ նախարարական տուները իրեն կապել խնամիութեամբ եւ ազատ արձակել տալ Պաղտատ տարուած հայ գերիները։ Ալի Արմէն մեծ գովասանքներով խօսեցաւ իր մասին Պաղտատի խալիֆային, որ իրեն տուաւ իշխանաց իշխան տիտղոսը եւ թողուց որ Հայաստանը կառավարէ խոհեմութեամբ եւ իմաստութեամբ։ Աշոտ բանակներու սպարապետ կարգեց իր եղբայրը` Աբասը։ Երբ Ջահապ անունով պարսիկ զօրավար մը ըմբոստացաւ խալիֆային դէմ, արշաւելով անոր գրաւած հողերուն վրայ 80.000 գունդով, Աշոտ, առիթէն օգտուեցաւ եւ անոր դէմ ղրկեց իր Աբաս եղբայրը հայկական 40.000 բանակով։ Աբաս ջախջախիչ յաղթանակ մը տարաւ պարսիկին վրայ եւ այսպէսով Աշոտ աւելի սիրելի դարձաւ խալիֆային։
Աշոտ թագաւոր (885-890)
Մինչ այդ Պաղտատի խալիֆան էր Ալ-Մոթամիտ (որ կը սիրէր Հայերը եւ զանոնք աւելի սիրաշահելու համար դէպի իր կողմը, ընդդէմ Յոյներու) որոշեց` Հայ նախարարներու եւ Գէորգ Բ. կաթողիկոսի խնդրանքին վրայ, Աշոտը Հայաստանի թագաւոր կարգել։ 885 թուին, ան իր Իսա ոստիկանին ձեռքով ղրկեց ոսկեղէն թագ մը, արքայական հագուստներ եւ արաբական ձիեր Աշոտին։ Բագարան քաղաքին մէջ` Կաթողիկոսը զինք թագաւոր օծեց. 428-էն ի վեր, երբ Արշակունի վերջին թագաւորը վար առնուեցաւ գահէն, Հայաստան առաջին անգամուայ համար կ՛ունենար իր թագաւորը։ Բիւզանդիոնի կայսրը` Վասիլ Մակեդոնացին, ինք եւս թագ մը ղրկեց Աշոտի, որպէսզի սիրաշահէր զինքը։
Խաղաղ տարիներ (885-890)
Աշոտ Ա.-ի իշխանութեան ներքեւ, վերջապէս Հայաստանը ապրեցաւ երջանիկ ու խաղաղ տարիներ։ Աշոտ զբաղեցաւ երկիրը վերաշինելով։ Արաբները քաշուած էին Հայաստանէն. Միայն թեթեւ տուրք մը կը տրուէր Հայաստանի կողմանի Պաղտատի խալիֆային։ Արաբ Ամիրաները եւս Դուինի եւ Մանազկերտի՝ անցան Աշոտ Թագաւորի իշխանութեան տակ։ Սակայն իր Աբաս եղբայրը իր դէմ ապստամբեցաւ, ուզելով ինք թագաւորել։ Աշոտի Սմբատ որդին կրցաւ զսպել Աբասը եւ խաղաղեցնել ապստամբ-ները։ Աշոտ մեռաւ 890-ին, 71 տարեկանին, արկածի մը հետեւանքով։
Բոլոր ժողովուրդը մեծ սուգ պահեց իր քաջ թագաւորին կորստեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.