Խաղաղութեան ու միջկրօնական երկխօսութեան ի նպաստ տարած աշխատանքին համար, Նիճերիոյ Ժոս
թեմի առաջնորդ եւ եպիսկոպոսական դասի նախագահ` Արքեպիսկոպոս Քայկամա, անցեալ չորս յուլիսին
արժանացաւ ''Ոսկիէ Աղաւնիներ'' 2012-ի խաղաղութեան մրցանակին։ Մրցանակը շնորհուած
է միջազգային փնտռտուքի ապազինումի հաստատումի դիւանէն։ Մրցանակի յանձնախումբը վարցատրած
է գերապայծառ Քայկաման որովհետեւ զայն նկատելով ''երկխօսութեան այր մը, որ չի գոհանար
դատապարտելու բռնութիւնները այլ գործօն աշխատանք կը տանի վերջ տալու ատելութեան ալիքին։
Այս աշխատանքը յոյժ կարեւոր է Նիճերիոյ մէջ, ուր մահմետականներու կողմէ գործադրուած մահափորձերը
յաճախակի են''։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով գերապայծառ Քայկամա յայտնած է որ <<
մրցանակը քաջալերանք մըն է եւ կ'ապացուցանէ որ խաղաղութեամբ ու ներդաշնակութեամբ ընկերութեան
մէջ ապրելու բաղձանքը շատերէն բաժնուած է>> աւելցնելով թէ մրցանակը ունի նաեւ նշանակութիւն
մը եւս <<թէ առանձին չենք>>։ Նշենք թէ ապազինումի դիւանը փնտռտուքի հաստատութիւն
մըն է, հիմնուած Հռոմի մէջ 1982-ին Լուիճի Անտերլինիի կողմէ։ Անիկա կ'ուսումնասիրէ զէնքի,
խաղաղութեան ու ազգային անվտանգութեան հարցերը։ Վերոյշեալ կազմակերպութիւնը իր հիմնարկութեան
30 ամեակը կը տօնախմբէ այս տարի։