Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոն` Կարտինալներու Գահերէցը
նշանակած է որպէս իր յատուկ նուիրակը գլխաւոերլու համար Ղազախիստանի Գարականտա Թեմի <<ֆաթիմայի
Տիրամայր, ազգերու մայր>> անուամբ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւն, որ տեղի պիտի
ունենայ յառաջիկայ 9 սեպտեմբերին։ Նշենք որ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը սկիզբ առած
էր 2004-ին. Ղազախիստանի 16 միլիոն բնակչութեան 4.2 միլիոնը քրիստոնեայ են։ Անոնց մեծամասնութիւնը
կը պատկանի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ։ Կաթողիկեները կը հաշուեն 148 հազար հաւատացեալ։ Գարականտայի
Թեմը հաստատուած է 1999ին եւ ունի 30.000 կաթողիկէ հաւատացեալ։