2012-07-09 13:07:10

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Լիպիոյ Մէջ ։ Կը Նախատեսուի ՝՝Չափաւորներու՝՝ Յաղթանակը։ Անոնք Կոչ Կ՝ուղղեն ՝՝ Ազգային Միութեան՝՝։


Լիպիոյ խորհրդարանական համընդհանուր ընտրութիւններուն մասնակցած են շուրջ 2.7 միլիոն հոգի ` ընտրելու իրաւունք ունեցողներու հարիւրէն 80%-ը տոկոսը : Պատգամաւոր դառնալու փափաք յայտնած էին աւելի քան 3500 անձեր , ներառեալ` 585 կիներ: Խորհրդարան կ՝ընտրուին անոնցմէ միայն 200-ը` 120-ը` անհատական, իսկ 80-ը` կուսակցական ցուցակներով:
Ընտրութիւններու նախօրեակին ՝՝ընտրողներու նախընտրութիւնը պիտի ըլլայ իսլամա ական շարժումներու եւ ցեղային խմբակներու ներկայացուցիչներու ի նպաստ ՝՝ այսպէս էին արդարեւ նախատեսութիւնները, բայց յետ ընտրութիւններու, ներկայ նախատեսութեանց համաձայն, այժմ կը սպասուի ՝՝Չափաւորներու՝՝ մէկ յաղթանակը եւ եթէ այս նախատեսութիւնը հաստատուի Լիպիան պիտի ըլլայ Արաբական Գարունի առաջին Երկիրը՝ յորում Իսլամականները պարտուած դուրս պիտի քան ընտրութիւններէն։
Յիշեցնենք, որ Մոամմար Կատտաֆիի վարչաձեւը տապալեցաւ վեց ամիս տեւած քաղաքացիական պատերազմէ մը ետք: Քառասուներկու տարի երկիրը կառավարած նախկին առաջնորդը սպաննուեցաւ 2011-ի Հոկտեմբերին:








All the contents on this site are copyrighted ©.