2012-07-07 09:52:38

Սենեկալը Դրոշմաթուղթի Երկու Արտակով Կը Տօնախմբէ Վատիկանի Հետ Դիւանագիտական Կապերու Հաստատման 50-րդ Տարեդարձը։


Սենեկալի եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատման 50-րդ տարեդարձին առթիւ Սենեկալը հրատարակած է դրոշմաթուղթի երկու Արտակներ։ Առաջին արտակը կը պատկերացնէ երկու պետութիւններու դրօշակները ''միութիւն եւ ներդաշնակութիւն'' նշանագրերով, որոնք կը ներկայացնեն երկու պետութիւնները կէս դարու դիւանագիտական կապերը։ Իսկ եկրորդ արտակը կը պատկերացնէ Պետրոս առաքելապետի բանալիներու յանձնումը` գործը նշանաւոր գեղարուեստագէտ Բիեդրօ Բերուճինոյի 1482-ին։
Նշենք որ Սենեկալը առաջին երկիրն է որ դրոշմաթուղթի արտակով ուզած է յիշատակել իր դիւանագիտական կապերը Վատիկանի հետ։ Նոյնպէս ան եղաւ Ափրիկէի առաջին երկիրը որ դիւանագիտական կապեր հաստատեց Վատիկանի հետ 1961-ին, իր անկախութենէն մէկ տարի ետք։
1992-ին Սենեկալը դրոշմաթուղթի ուրիշ արտակ մը հրապարակած էր Յովհանէս Պօղոս Բ Քահանայապետի առաքելական այցելութեան առթիւ։
Սենեկալի եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական կապերու 50 տարիներու վերակոչումը յատկանշուեցաւ շարք մը տօնախմբութիւններով.
Երկու շարք դրոշմաթուղթերու ներկայացումին ընթացքին Վատիկանի առաքելական դեսպանը վերակոչեց երկու երկիրներու միջեւ գոյացող արդիւնաբեր համագործակցութիւնը մասնաւորապէս հայող Սենեկալի խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդումին ի նապստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.