2012-07-07 09:51:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը այցելեց Նէմիի <<Բանն Աստուծոյ>> Միաբանութիւնը։


Երկուշաբթի 9 յուլիսի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն կատարեց Գասթելլի Րոմանի շրջանի Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցի մօտակայ գիւղաքաղաք` Նէմիի մէջ գտնուղ <<Բանն Աստուծոյ>> անուամբ միաբանութիւնը ուր 1965-ին` Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի աշխատանքներու ընթացքին երբեմնի գերապայծառ Ռացինկէրը` բնակութիւն հաստատած էր։
Յիշեցնենք որ մի քանի ամիսէն պիտի նշուի Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի աշխատանքներու սկիզբի 50րդ տարեդարձը ու այս իր այցելութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ-ը կը հանդիսանայ 3րդ քահանայապետը որ կ՛այցելէ Նէմիի <<Բանն Աստուծոյ>> անուամբ կեդրոնը, երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԲԳ Քահանայապետի` (օգոստոս 1962-ին) կատարած այցելութենէն 50 տարիներ ետք. Պօղոս Զ Քահանայապետը սոյն վայրը այցելած էր իր Քահանայապետ ընտրուելէն մի քանի ամիս ետք։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Բանն Աստուծոյ միաբանութեան կեդրոնը ժամանեց 11.45 ուր զինք դիմաւորեցին միաբանութեան մեծաւորները ու միաբանութեան 150 անդամներ որոնք 17 յունիսէն ի վեր Նէմի կը գտնուին միաբանական ընդհանուր ժողովի առթիւ որուն ընթացքին, անցեալ 3 յուլիսին, ընտրեցին նաեւ Միաբանութեան ընդհանուր նոր մեծաւորը յանձին` Հայր Հէյնզ Գուլուգիի։ Լիանիստ Ժողովի բնանիւթն էր <<Ամէն մէկ ժողովուրդէ, լեզուէ եւ ազգէ. բաժնեկցիլ կեանքը եւ միջմշակութային առաքելութիւնը>>։

Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի աղօթքէն ետք Սրբազան Հօր բարի գալուստի խօսք մը ուղղեց միաբանութեան ներկայ ընդհանուր մեծաւոր`` Հայր Անթոնիօ Բէրնիայ որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։
Այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը վերադարցաւ Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցը։


Բանն Աստուծոյ միաբանութիւնը հիմնուած է 1875 ին Հոլանտայի մէջ Սդէյլ քաղաքի մէջ Սուրբ Արնոլտօ Ժանսէնի կողմէ ունենալով որպէս կէտնպատակ` ծառայել աշխարհի բոլոր ժողովրդապետութիւններու մէջ, դաստիարակչական, հովուական եւ հաղորդակցութեան ասպարեզներէն ներս։

1878 միաբանութեան առաջին առաքեալները Չինսատան մեկնեցան իսկ միաբանութեան ստանձնած վերջին առաքելութիւնը 2012`-ին հարաւային Սուտանի առաքելութիւնն է։

Բանն Աստուծոյ միաբանութիւնը ունի աւելի քան 6 հազար միսիոնարներ որոնք իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 67 երկիրներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.