2012-07-07 10:07:16

Թուրք Գիւղացիներ Կը Պահանջեն Վերանորոգել Եիւքսէքօվա Շրջանի Հայկական Եկեղեցին(Հաքքարի)։


Թուրքիոյ Հաքքարի շրջանի Եիւքսեքովա շրջանին մէջ, նախապէս այդտեղ ապրած հայերուն կառուցած եկեղեցին վերանորոգման կարիք ունի։ Իրանի սահմանի մօտակայքը գտնուող պատմական հայ եկեղեցին, հակառակ կրած վնասներուն, դեռ կանգուն է: Գիւղի բնակիչները կը պահանջեն վերանորոգել զայն եւ զբօսաշրջային վայր դարձնել:
«Մեր գիւղի կեդրոնը գտնուող եկեղեցին տարիներ շարունակ մենք պահպանած են, սակայն ատիկա բաւարար չէ: Մենք կը պահանջենք, որ այդ եկեղեցին վերանորոգուի» ( ըսած է գիւղի բնակիչներէն Մեհմեթ Եմեն): Ան նշած է, որ եկեղեցւոյ բոլոր հատուածները կանգուն են, նոյնիսկ տանիքը: Այստեղ զբօսաշրջիկներ գրեթէ չեն այցելեր: Մեհմեթ Եմեն յիշած է միայն մէկ դէպք, երբ գիւղին մէջ զբօսաշրջիկներ տեսնուած են:
«Մենք համոզուած ենք, որ եթէ եկեղեցին վերանորոգուի, անիկա պիտի շարժէ զբօսաշրջիկներուն հետաքրքրութիւնը եւ շատեր պիտի գան պատմական այս եկեղեցին տեսնելու»,(ըսած է Եմեն):








All the contents on this site are copyrighted ©.