2012-07-07 10:01:16

Արիս Ճանիկեանի «This Angelic Land» Հատորի Ներկայացում։


Կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին, գրադարանի բարեկամներուն եւ «Ապրիլ» գրատան, Հինգշաբթի, 12 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ վիպագիր Արիս Ճանիկեան պիտի ներկայացնէ իր նորագոյն հատորը՝ «This Angelic Land»ը, որ 1992ի Լոս Անճելըսի խռովութեանց կ՛առնչուի եւ իբրեւ հերոս ունի Ադամ Տէրտէրեան անունով հայորդի մը:
Արիս Ճանիկեան հեղինակն է «Bloodvine» ու «Riverbig» վէպերուն, նաեւ համահեղիանկն է «Something for Nothing» հատորին: Համալսարանական դասախօս ըլլալու կողքին, ան աշխատակցած է շարք մը թերթերու, տիրացած է «Քոլոմպիա» համալսարանի «Անահիտ» գրական մրցանակին եւ հասած է Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան գրականութեան մրցանակի աւարտական հանգրուանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.