2012-07-06 12:34:55

Մեծն Ս. Գրիգորի Ասպետի Քահանայապետական Շքանշանով Պարգեւատրուեցան Տիկին Անի Գալուստ Եւ Տիար Ռաֆայէլ Ումուտեան։


Բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի հինգշաբթի, 5 յուլիսի երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծն Ս. Գրիգորի ասպետի Քահանայապետական շքանշանի տուչութիւնը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան Անի Գալուստ եւ Ռաֆայէլ Ումուտեան: Հանդիսութեան ներկայ էին լիբանանահայ հոգեւոր պետեր, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան մեծաւորը՝ գերյ. Հ. Գաբրիէլ Թ.ծ.վրդ. Մուրատեան, «Քարիթաս»-ի նախագահը՝ Հ. Սիմոն Ֆատտուլ, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, պարգեւատրեալներու ընտանեկան պարագաներ եւ մեծաթիւ ժողովրդային բազմութիւն:
Տուչութեան արարողութեան պաշտօնական բացումը կատարեց Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան, որ նշեց, թէ պարգեւատրեալները անշահախնդիր կերպով ծառայեցին եկեղեցւոյ եւ ազգին: Ան յոյս յատնեց, որ նորերը եւս հետեւին Անի Գալուստի եւ Ռաֆայէլ Ումուտեանի ուղիին:
Ապա տեղի ունեցաւ հոգեւոր արարողակարգ, որմէ ետք խօսք առաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, որ յայտնեց, թէ պարգեւատրեալներու վաստակն ու անձնուէր գործունէութիւնը արդիւնքն է պարգեւատրեալներու համոզումին` շնորհիւ ենթականերու հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան: Հոգեւոր տէրը աւելցուց, որ Մեծն Ս. Գրիգորի Ասպետի քահանայապետական շքանշանի տուչութիւնը պարգեւատրեալներուն ցուցաբերած յարատեւ եւ անշահախնդիր զոհողութիւններու արտայայտութիւնն է:
Պենետիկթոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի կոնդակի ընթերցումին յաջորդեց շքանշաններու տուչութիւնը:
Այս առիթով, խօսք առաւ Անի Գալուստ, որ նշեց, թէ առանց նուիրագործութեան կեանքը կը դառնայ իմաստազուրկ եւ առանց նպատակի ու սկզբունքներու մարդը կը դատարկուի իր էութենէն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ հոգեւոր տիրոջ, իր կողակիցին եւ բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին իր աշխատանքին, զօրակցեցան եւ մասնակից դարձան մարդկութեան ծառայող ծրագիրներուն:
՜՜Գրիգոր Լուսաւորիչի ուղիին հետեւելով, ըսաւ Անի Գալուստ, պիտի շարունակեմ խաւարին դէմ լուսաւորման առաջնորդող ճանապարհը, եւ այս շքանշանը ինքնաարժեւորման եւ ինքնաքննարկման առիթ է, քանի որ տակաւին շատ պարտականութիւններ ունիմ կատարելիք՝՝:
Իսկ երկրորդ պարգեւատրեալը՝ տիար Ռաֆայէլ Ումուտեան, Երանելի Յովհաննէս-Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետի պատգամէն մէջբերում կատարելով` յոյս յայտնեց, որ գործակցաբար, յարգանքով, գաղափարներու փոխանակումով եւ կազմակերպուածութեամբ կարելի կ՛ըլլայ յաղթահարել դժուար մարտահրաւէրները եւ արձանագրել ձեռքբերումներ ու յաջողութիւններ: ՜՜Շքանշանը, ըսաւ տիար Ումուտեան, պէտք է ըլլայ իմ անձիս ընդմէջէն վարձատրութիւն մը բոլոր աշխատակիցներուս, երիտասարդական օրերէն մինչեւ այսօր, կենդանի կամ հանգուցեալ եւ բոլոր հաստատութիւններու գործընկերներուն, որոնք սատար կանգնեցան եւ օժանդակեցին՝՝.եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր տիրոջ, իր ընտանիքին եւ շրջապատին:
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը փակուեցաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեամբ: Պաշտօնական արարողութենէն ետք, պարգեւատրեալները եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեցին շնորհաւորութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.