2012-07-06 12:36:27

Հարիւր Հաշմանդամ Մանուկներ Արձակուրդը Կ՛անցընեն Սեւանի Ափին։


Հայաստանի «Փիւնիկ» հաշմանդամներու միութեան նախագահը՝ Յակոբ Աբրահամեան, 3 Յուլիսին յայտարարած է , որ հաշմանդամ երեխաներու արձակուրդը, ինչպէս տարբեր տարիներուն, այս ամրան եւս պիտի կազմակերպուի Սեւանի ափին: Ան ըսաւ որ ՜՜ մօտ 100 մանուկներ եւ երիտասարդներ պիտի կարենան օգտուիլ այդ կարելիութենէն՝ 3 հերթափոխութեամբ, 10 օրով՝՝:
Աբրահամեան նշեց, որ եթէ 20 տարի առաջ հաշմանդամները կ՛ամչնային հասարակութեան հետ կապ հաստատելէ՝ մտածելով, որ անոնք կրնար խղճալ իրենց վրայ, ներկայիս նման հարցեր գրեթէ չկան, սակայն տակաւին կայ մատչելիութեան խնդիր՝ Երեւանէն դուրս թէ ներս:
Անմատչելի միջավայրին հետ ամէնօրեայ կապի մէջ է Տիկին Մերի եւ անոր դուստրը՝ Սիրանոյշը: Սիրանոյշը, որ փոխադրուելու խնդիր ունի, 11 տարեկան է, դաշնամուրի դասեր կ՛առնէ ու կը գծէ: Մայրը Մերին ինք է որ դպրոց կը տանի ու կը վերադարձէ իր դուստրը՝ քանի որ մտավախութիւն ունի անոր անվտանգութեան հանդէպ:
«Տանը նա լրիւ ինքնուրոյն տեղաշարժւում է յենակներով, բայց ես նոյնիսկ դպրոցում նրան մենակ չեմ կարողանում թողնել, որ տեղաշարժուի, քանի որ հաշմանդամի նկատմամբ մարդկանց զգուշութիւնը, չափաւոր շարժումները Հայաստանում դեռ ձեւաւորուած չեն», ըսած է Մերին:
Սիրանոյշ կարելիութիւն ունի տան մէջ կրթութիւն ստանալու, սակայն Մերին կ՛ուզէ, որ շրջապատին հետ կապ հաստատէ, դպրոց երթայ, մանուկներուն հետ ժամանակ անցընէ։
Քաղաքէն դուրս ելլելով ամառնային արձակուրդ անցընելու գծով Մերին նշեց, որ ատիկա եւս մեծ խնդիր է, քանի որ սայլակները թաքսիներուն մէջ չեն տեղաւորուիր, եւ ոչ ոք կ՛ուզէ օժանդակել նման պարագայ ունեցողներուն։









All the contents on this site are copyrighted ©.