2012-07-06 12:25:32

Լոս Անճըլըս Գաւառի Առաջնորդարանի Բանտային Ծառայութեան Պատասխանատու Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան Պարգեւատրուած ։


Լոս Անճելըս Գաւառի ոստիկանապետի գրասենեակը (Sheriff Dept.) գնահատանքի ու պատիւի արժանացուցած է ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի բանտային ծառայութեան պատասխանատու Րաֆֆի սրկ. Կարապետեանը ՝՝հանրային իր բազմամեայ ծառայութեան ու յատկապէս բանտարկեալներուն իր մատուցած կամաւոր սպասարկութեանց համար՝՝ ։
Րաֆֆի սարկաւագ արժանացաւ յատուկ գնահատագիրի մը(ի շարս այլ կամաւոր ծառայողներու) որոնք կրօնական եւ ընկերային ծրագիրներու ճամբով օգտակար կ՛ըլլան բանտարկեալներու։ Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութիւններու ծիրին մէջ, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Րաֆֆի սարկաւագը նշանակած է բանտարկեալներու ծառայութեան պատասխանատու։ Ան տարիներէ ի վեր կանոնաւորաբար եւ յօժարակամ կ՛այցելէ Լոս Անճելըսի շրջանի բանտերը եւ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ յատկապէս հայ բանտարկեալներուն։
Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինումով, հայ բանտարկեալներու հոգեւոր մատակարարութեան մասնակից է Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան-ը, որ նմանապէս տարիներէ ի վեր կ՛այցելէ Լոս Անճելըսի բանտերը։Իսկ վերջերս, այս աշխատանքին միացած է նաեւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.