2012-07-06 12:24:35

Եւրոպայի Խորհուրդը Կը Սկսի Հայաստանի 2012–2014-ի Գործողութիւններուն Ծրագիրը։


Եւրոպայի Խորհուրդը Յուլիս 12-ին Երեւանի մէջ պիտի սկսի իր եռամեայ գործողութիւններուն ծրագիրը, որ նպատակ ունի աջակցելու Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգի մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարութեան ոլորտներուն մէջ:
Ըստ ԵԽ գրասենեակի մամուլի հաղորդագրութեան` նոր ծրագրի իրականացումը պիտի արժէ 15 միլիոն եուրօ: Անիկա պիտի կեդրոնացնէ իր գործողութիւնը Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Համաձայնագրի արդիւնաւէտ իրականացման, ազգային, մարզային եւ տեղական մակարդակներու մէջ ամուր ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ գործընթացներու, ինչպէս նաեւ հանրային որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ հիմնական հասարակական եւ քաղաքացիական գործիչներու աւելի աշխոյժ մասնակցութեան վրայ:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդէս պիտի գայ մեկնարկային համաժողովի բացման խօսքով: Կապրիէլլա Պադդաինի-Տրակոնի` ծրագրերու գլխաւոր տնօրէնը եւ ԵԽ նորընտիր Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը պիտի ներկայացնէ գործողութիւններուն ծրագիրը:
Հայաստան Եւրոպայի Խորհուրդին անդամակցած է 2001-ին եւ պիտի նախագահէ Նախարարներու Կոմիտէն 2013 Մայիս-Նոյեմբերին:








All the contents on this site are copyrighted ©.