2012-07-06 12:25:06

ԵԱՀԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը՝ Զաննիէր Հայաստան Պիտի Այցելէ 11-12 Յուլիսին։


ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Լամպերդօ Զաննիէր յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ տարածաշրջան: Ան Պաքու պիտի հասնի Յուլիսի 8-9-ին, Թիֆլիս եւ Պաթում ` 10-11-ին, իսկ Երեւան` 11-12-ին:
Ըստ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքին՝ այցին ծիրէն ներս Զաննիէր հանդիպումներ պիտի ունենայ ղեկավար մարմիններու, տարբեր կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ:
ԵԱՀԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու (ներառեալ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հետ) պիտի քննարկէ ռազմա-քաղաքական, տնտեսական, բնապահպանական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Ան երեք երկիրներուն մէջ նաեւ հանդէս պիտի գայ Մամլոյ ասուլիսով:








All the contents on this site are copyrighted ©.