2012-07-05 11:39:25

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Կարտինալ Պերթոնէին Ուղղած Նամակը


Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցը չմեկնած` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը անցեալ յուլիսին նամակ մը ուղղած է Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէին որուն մէջ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ անոր ցուցաբերած մօտիկութեան եւ անոր տուած կարեւոր խորհուրդներուն։
Նորին Սրբութիւնը ապա ցաւ յայտնելով Կարտինալ Պերթոնէի դէմ վերջերս մղուած անարդար քննդատութիւններուն նորոգած է անոր հանդէպ ունեցած իր անձնական վստահութիւնը որ արտայայտած էր 15 յունուար 2010 թուակիռ նամակին մէջ։ Հուսկ Տիրամօր ու Ս Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու յանձնած է Վատիկանի Պետական քարտուղարի առաքելութիւնը արտայայտելով իր եղբայրական մօտիկութիւնն ու ջամբելով առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.