2012-07-05 13:51:27

Հայամէտ Թուրք Մտաւորական Ալի Պայրամօղլու-ի Դէմ Ատելութիւն Սերմանող Պարբերականին Դէմ Ստորագրահաւաք Սկսած։


Թուրքոյ խումբ մը մտաւորականներ ստորագրահաւաք սկսած են ընդդէմ թրքական «Ենի Աքիթ» կոչուած թերթին, որ հայամէտ կեցուածքի մէջ մեղադրելով թուրք լրագրող, գրող ու մտաւորական Ալի Պայրամօղլուն՝ ատելութիւն սերմանած է անոր դէմ:Ստորագրահաւաքին միացած են բազմաթիւ թուրք գրողներ, լրագրողներ, գործարարներ, պատգամաւորներ:
Ըստ CNNturk-ի, տարբեր մասնագիտութիւններու հարիւրաւոր մարդիկ համախմբուած են` «ՈՉ» ըսելու մամուլի միջոցով ատելութիւն սերմանելու սովորութեան: Մեծ Բրիտանիոյ մէջ քրտական հարցով կազմակերպուած խորհրդաժողովի ընթացքին Ալի Պայրամօղլուի յայտարարութիւնները հաճելի չեն եղած այդ պարբերականին: Ատոր համար ալ լրագրողը մեղադրած են «Հայկական արմատներ ունենալու»,ԵՒ «Հայկական թեզերը պաշտպանելու համար ցեղապաշտական շարժառիթներ յառաջ բերելու»յանցանքով............
Ստորագրահաւաքին միացած են գրող Նոպելեան Մրցանակակիր Օրհան Փամուքը, Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրը, Հրանդ Տինքի այրին՝ Տիկին Ռաքէլ Տինքը, յայտնի ծագումով հրեայ թուրք գործարար Իսհակ Ալաթոնը, բեմադրիչ Սեմիհ Քափլանօղլուն,եւ բազմաթիւ լրագրողներ:
Գրող, հրապարակախօս, յայտնի քրոնիկագիր եւ մտաւորական Ալի Պայրամօղլու Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Ապրիլ 24-եան ձեռնարկներու նախաձեռնողներէն է , որ նաեւ եղած է «Հայերէն Ներողութիւն կը խնդրենք» շարժման կազմակերպիչներէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.