2012-07-05 13:45:42

Կարտինալ Սանտրիի Այցը Վրաստան Եւ Հայաստան


RealAudioMP3 Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչ՝ Կարտինալ Սանտրի 14 էն 15 Յուլիս այցելութիւն պիտի կատարէ Վրաստան եւ Հայաստան։
Վրաստանի մէջ, ծիրանաւորը 14 Յուլիսին հանդիպում պիտի ունենայ վիրահայ երիտասարդներու հետ Ս Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ. նաեւ պիտի մասնակցի սիրոյ սեղանին։ Յետ միջօրէին կարտինալը եւ իր շքախումբը ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցական ու նաեւ հայ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցչներ պիտի ուղղուին Հայաստան, ուր նախատեսուած է երեկոյեան այցելութիւն Առաջնորդարան և նորակառույց եկեղեցին որմէ ետք ալ ընդունելութիւն “Տիրամայր Հայաստան” Կեդրոնին մէջ։
15 Յուլիսին կարտինալը պիտի այցելէ Տաշիր, ուր ՜՜Ս. Աստուածածին՝՝ վերանորոգ եկեղեցւոյ օծումը պիտի կատարէ նաեւ հանդիսաւոր Ս պատարագ պիտի մատուցուի կարտինալի գլխաւորութեամբ։ Ապա այս առթիւ տեղի ունենալիք հացկերոյթին՝ ծիրանաւորին սեղանակից պիտի ըլլան, հայ կաթողիկէ եւ քոյր եկեղեցիներու եկեղեցական նաեւ ազգային ու պետական անձնաւորութիւններ եւ հաստատութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։ Սիրոյ սեղանէն ետք Կարտինալ Սանտրի հանդիպում պիտի ունենայ Հայ Կաթողիկէ երիտասարդներու հետ, պիտի այցելէ Մեծաւանը, որմէ ետք ալ պիտի անցնի ՜՜Սպիտակ՝՝ այնտեղ եւս հանդիպում պիտի ունենայ տեղւոյն բնակչութեան հետ յատկապէս երիտասարդներուն պիտի ուղղէ իր հայրական խօսքը։ Անշուշտ պիտի այցելէ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու ՜՜Հայաստանի Տիրամայր՝ Պօղոսեան կրթական համալիրը ՝՝ ու նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ Սպիտակի “Մայր Թերեզայի” քոյրերու հետ անոնց տան մէջ։ Ապա պիտի մեկնի Երևան։
Ինչպէս ըսինք՝ թէ' Վրաստան եւ թէ' Հայաստան իր կեցութեան ընթացքին՝ Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը պիտի տեսակցի եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ։
Նախատեսուած է նաեւ ՜՜Նարեկի Տիրամայր՝՝ անուան 20 ամեակի առթիւ յատուկ հանդիսութիւն մը։
Յիշեցնենք թէ՝ ՜՜ Նարեկի Տիրամայր՝՝ հիւանդանոցը նուէրն է երջանկայիշատակ ՅՊԲ Քահանայապետին, որ կառուցուեցաւ 1988-ի երկրաշարժէն ետք, որպէսզի հոգար տեղւոյն բնակչութեան առողջութեան առանց նայելու անոնց ընկերային թէ կրօնական կամ դաւանական պատկանելիութեանց։








All the contents on this site are copyrighted ©.