2012-07-05 13:40:21

Այսօր Թուրքիոյ Կրօնից Տեսուչը Կ՝այցելէ Պոլսոյ ՝ ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը (Մարմարա-Պոլիս)։


Թուրքիոյ Հանրապետական Շրջանէն ասդին (1923) առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ Կրօնից Տեսուչը այցելած պիտի ըլլայ Յոյներու Պատրիարքարանը՝Պոլիս ։
Թուրքիոյ Կրօնից Տեսուչը Մէհմէտ Կէօրմէզ այսօր պաշտօնապէս պիտի այցելէ Յունաց Պատրիարքարանը ու հանդիպում պիտի ունենայ Յունաց Բարթողիմէոս Ա. Պատրիարքին հետ։ Առաջին անգամն է որ Թուրք Կրօնից Տեսուչ մը այցելած պիտի ըլլայ ֆէնէրի Յոյներու Պատրիարքարանը,ուրկէ ներս մտնելը մինչեւ հիմա կարծես թապու մըն էր թուրք հոգեւորականներու համար։ Կրօնից Տեսուչին պիտի ընկերակցին իր տեղակալներէն մէկը ու Իսթանպուլի Միւֆթիւ Ռահմի Եարան-ը։
Թուրքիոյ Կրօնից Տեսուչը կէսօրին պիտի ճաշէ Պատրիարքին հետ,պիտի շրջի ամբողջ Պատրիարքարանը,պատշգամէն միասին պիտի լուսանկարուին լրագրողներու կողմէ եւ ելքի ընթացքին հաւանաբար թուրք Կրօնաւորը կարեւոր յայտարարութիւն մը ընէ։
Թուրք մամուլը այն կարծիքը ունի որ երկու կրօնաւորները իրենց օրկարգին վրայ պիտի ունենան Յունաց Դպրեվանքի հարցը, Եկեղեցիին համար կրօնաւոր չունենալու կարեւոր խնդիրը եւ այս ուղղութեամբ Պոլսոյ Հէյպէլի Կղզիի Դպրեվանքի բացման հարցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.