2012-07-05 13:45:11

«Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի «Եղիցի Լոյս» Յատուկ Մրցանակը՝ Աշխարհահռչակ Բեմադրիչ Ալեքսանդր Սակուրովին.


«Ոսկէ Ծիրան» Երեւանեան 9-րդ միջազգային փառատօնին (որ սկիզբ պիտի առնէ 8 Յուլիսին) առաջին անգամ ըլլալով պիտի յանձնուի յատուկ մրցանակ մը : Մրցանակը անուանուած է «Եղիցի Լոյս», որ սահմանուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի առաջարկով: Այս մասին 4 Յուլիսին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան:
Ան տեղեկացուց, որ արդէն իսկ յայտնի է, թէ որուն պիտի յանձնուի մրցանակը: Ըստ անոր` «Եղիցի լոյս» առաջին մրցանակը պիտի շնորհուի աշխարհահռչակ ռուս բեմադրիչ Ալեքսանդր Սակուրովին, որ պիտի ըլլայ փառատօնի առանցքային հիւրերէն մէկը: Մրցանակը պիտի յանձնուի Յուլիս 12-ին, ժամը 16-ին Էջմիածնի մէջ, որ Վեհափառը պիտի յանձնէ անձամբ:
Յարութիւն Խաչատրեան նաեւ նշեց, որ մրցանակով հետաքրքրուած են նաեւ միջազգային գործընկերները, իսկ նման մրցանակ ոչ մէկ փառատօնի եղած է:
Փառատօնի ժիւրիի անդամ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանի խօսքով` մրցանակը շնորհելու համար Վեհափառի կողմէ կազմուած է երեք հոգիէ կազմուած յանձնաժողով, որ փառատօնի կազմակերպիչներուն առաջարկած թեկնածուներէն ընտրած են Սակուրովը: Ըստ անոր, մրցանակը կը տրուի քրիստոնէական գաղափարներու քարոզչութեան համար` հոգեւոր, մշակութային եւ մարդասիրական արժէքներու քարոզչութեան եւ շարժանկարի համաշխարհային արուեստի մէջ բերած նշանակալից աւանդին համար:
Յիշեցնենք, որ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը տեղի կ'ունենայ Յուլիս 8-15, որուն ծիրէն ներս կը ներկայացուին շուրջ 170 ինչպէս լիամետրաժ, այնպէս ալ կարճամետրաժ խաղարկային եւ վաւերագրական շարժանկարներ, որոնցմէ մօտ 90-ը կը մրցին 4 մրցութային անուանակարգերու համար, իսկ միւսները կը ներկայացուին յատուկ արտամրցութային ծրագիրներուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.