2012-07-04 12:56:21

Սրբազան Քահանայապետը Փոխադրուեցաւ Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Ամարանոց։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յուլիս 3-ի յետ միջօրէի ժամը 17.30-ին թողելով Վատիկանը` ուղղաթիռով փոխադրուեցաւ Ալպանօ լիճին մօտ գտնուող Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցը, որ Հռոմէն 25 քլմթ. հերաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Նորին Սրբութիւնը հոն պիտի մնայ մինչեւ սեպտեմբեր ամսուայ վերջը, հանգիստի`աղօթքի եւ ուսումնասիրութեան շրջան մը անցնելու։

Գասթել Կանտոլֆօ ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը հակիրճ խօսք մը ուղղեց ներկաներուն իր ուրախութիւնը յայտնելով հոն գտնուելուն եւ յոյս յայտնելով որ այս շրջանը ըլլայ հոգեւոր եւ ֆիզիքական վերանորոգումի շրջան մը։

Այս առաւօտ` (4/7) Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Մարք Ուելլէին։

Յայտնենք թէ յուլիս ամսուան ընթացքին չորեքշաբթի օրուայ շաբաթական հրապարակային ունկնդրութիւնները դադրած կը նկատուին եւ կը վերսկսին օգոստոսին` Գասթել կանտոլֆոյի մէջ, մինչ կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը չ՛ընդհատուիր։

Քահանայապետական ամարանոցին մէջ իր կեցութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը, 9 յուլիսին, պիտի այցելէ, Գասթել Կանտոլֆոյի մօտ գտնուող, Նէմիի վանքը ուր 1964-ին Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ-դը բնակութիւնը հաստատած էր։
Սուրբ Պենետիկտոսի տօնին օրը` 11 յուլիսին, Սրբազան Հայրը պիտի մասնակցի իրեն ի պատիւ սարքուած համերգի մը, մինչ ուրիշ համերգ մըն ալ նախատեսուած է օգոստոս ամսուայ ընթացքին, Պավարիայէն ժամանած նուագախումբի մեկնաբանութեամբ։
Իսկ կիրակի 15 յուլիսին` Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ ֆրասգաթիի թեմը ուր պիտի գլխաւորէ նաեւ Սուրբ Պատարագի արարողութւինը։
Յայտնենք ի վերջոյ որ Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 14 -16 սեպտեմբեր Առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Լիբանան, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն յանձնելու` յետ սիւնհոդոսական Առաքելական Յորդորագիրը։Այս առնչութեամբ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին լրագրողներու հետ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին հաստատած է թէ հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապալից վիճակին Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան կատարելիք առաքելական Ճամբորդութեան նախապատրաստութիւնները օրինաւոր կերպով կը շարունակուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.