2012-07-04 12:59:01

Հայաստանի Նախագահ Ս.Սարգիսեան ,4 Յուլիս ԱՄՆ Անկախութեան Օրուան Առիթով Հանդիպած՝ ՀՀ–ի Մէջ ԱՄՆ Դեսպան Ճոն Հըֆըրն-ի ։


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան Օրուան առիթով, Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր այցելած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատուն եւ շնորհաւորած դեսպան Ճոն Հեֆըրնը, դեսպանատան աշխատակիցներն ու ի դէմս անոնց՝ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդը` ԱՄՆ Պետականութեան հռչակման եւ Անկախութեան Հռչակագրի ընդունման 236-րդ տարեդարձին առիթով:
Ըստ նախագահի գրասենեակի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան,Սերժ Սարգսեան նաեւ շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամային` Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան Օրուան առիթով,յորում Նախագահը Սարգսեան կը գրէ ի մէջ այլոց..
՝՝Այս տարի մենք կը նշենք Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանի Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակը: Հպարտօրէն պէտք է ընդգծեմ, որ այս 20 տարիներուն ընթացքին մեր յարաբերութիւնները ունեցած են վերընթաց զարգացում եւ այսօր կը գտնուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ: Ի հարկէ, մեր ժողովուրդներուն կապերը շատ աւելի խոր պատմութիւն ունին, եւ այնտեղ յատկապէս մեծ եւ տեսանելի դեր ունի ամերիկահայ համայնքը, որ բազմաթիւ ամուր կամուրջներով կապած է մեր երկիրները: Միջ-պետական յարաբերութիւններու երրորդ տասնամեակի շեմին մենք կը շարունակենք խորապէս շահագրգռուած մնալ Միացեալ Նահանգներու հետ բազմակողմանի գործընկերային սերտ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացմամբ։ Կրկին կը շնորհաւորեմ Անկախութեան Օրուայ առթիւ՝ մաղթելով Ձեզի ու Ձեր ժողովուրդին խաղաղութիւն և բարօրութիւն »:








All the contents on this site are copyrighted ©.