2012-07-04 14:10:20

Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասերու Ընդհանուր Քարտուղարներու 40-րդ Ժողովը։


Եւրոպայի Եպիսկոպոսական դասերու քարտուղարներու գնահատումով՝ եւրոպական երկիրներու քաղաքական, մշակութային, օրէնսդրական եւ հանրային կարծիքի մօտ կայ առանց Աստուծոյ ներկայութեան կեանք մը ապրելու հակումը ։
Անոնք կը հաստատեն թէ <<Առօրեայ կեանքի ընթացքին Աստուծմէ հեռանալը կորուստ մըն է համայն ընկերութեան, որ կը յայտնուի մասնաւորապէս տնտեսական տագնապալից ժամանակին, ինչպէս է մեր ապրած այս շրջանը ուր կայ Աստուծոյ ծարաւը >>։

29 յունիսէն 2 յուլիս Եւրոպայի եպիսկոպոսական դասերու ընդհանուր քարտուղարները Էտիմպուրկին մէջ գումարեցին իրենց 40-րդ հաւաքը, կեդրոնացնելով իրենց խորհրդածութիւնները <<հաւատքի հանրային վկայութեան>> նիւթին վրայ ու յատուկէն անդրադարձ կատարելով <<Նոր Աւետարանութեան>> նիւթին։

Իրենց հրատարակած եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ Եւրոպայի եպիսկոպոսական դասերու ընդհանուր քարտուղարները կը գրեն <<Նոր աւետարանութիւնը կոչ մըն է բոլոր կաթողիկէներուն ներքնապէս նորոգելու համար իրենց հաւատքը։ Ասոր համար նոր աւետարանութիւնը ունի հանրային բնոյթ, որ կ՛ընգրկէ եւրոպական ընկերութեան զանազան բնագաւառները։ Եւորպայի ապագան կախեալ է նաեւ քաղաքականութեան ծիրէն ներս հաւատքի նոր վկայութեան ցոլացումէն։ Հաւատքով լուսաբանուած մարդկային միտք մը, կարող է յարմար պատասխաններ գտնել քաղաքական եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն։>>

Անոնք ապա իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներուն, ուր երկրի նոր օրէնսդրութիւնները կը սպառնան Կրօնական ազատութիւն։

Եւրոպայի եպիսկոպոսական դասերու ընդհանուր քարտուղարներու յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի Վարսավայի մէջ, 2013-ի՝ 27 - 30 յունիս ։ Նշենք որ Եւրոպայի եպիսկոպոսական դասերու խորհուրդը կ՛ընդգրկէ Եւրոպայի 33 եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահները ինչպէս նաեւ՝ Լիւսսէմպուրկի եւ Մոնքոյի Իշխանութեան Արքեպիսկոպոսները, Կիպրոսի Մարոնիթ եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսը ու Մոլտավիոյ Շիզինաու եւ Մուքաչէվօ Թեմերու եպիսկոպոսները։ Խորհուրդին ներկայ նախագահն է Կարտինալ Փիթէր Էրտօ՝ Պուտաբէշտի Արքեպիսկոպոսը եւ Հունգարիոյ առաջնորդը, իսկ փոխ նախագահներն են Ճենովայի Արքեպիսկոպոսը կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոն եւ Լեհաստանի Բրզէմիսլի առաջնորդ գերապայծառ Ժոզէֆ Միխալիքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.