2012-07-03 16:26:30

Բացում ' ''Նագաշեան'' Մանուկներու Տան։


Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՜՜Նագաշեան մանուկներու տուն՝՝երեխաներու աջակցութեան կենդրոնի բացումը որուն ընթացքին իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին Ատրին Գրիգորեան՝ նախագահը ՜՜Մեր յոյս՝՝ հայկական բարեգործական կազմակերպութեան (ԱՄՆ) եւ Միհրան Միրիճանեան՝ տնօրէնը ՜՜Նագաշեան մանուկներու տուն՝՝ աջակցութեան կենդրոնին որոնք նշեցին թէ ՜՜ կենտրոնն իր էութեամբ տարբերուելու է նմանատիպ այլ աջակցութեան կենտրոններից՝ ունենալով հիմնականում ուսումնական ուղղուածութիւն՝՝։ Այս կեդրոնը, ըսած են անոնք, պիտի ծառայէ ընկերային անապահով վիճակի մէջ գտնուող ընտանիքներու 10 տարեկանէն վեր աղջիկներու համար։ Մանուկներու տան մէջ 50 աղջիկներ կը ստանան մասնագիտական կողմնորոշում ու ընկերային աջակցութիւն նաեւ կը հմտանան արհեստներու մէջ։ Կենդրոնը իր դռները կը բանայ սեպտեմբեր 1-ին ։ Ապագային կը նախատեսուի նաեւ ապաստան տրամադրել մուրացիկ երեխաներուն որոնց ոչ միայն օթեւան պիտի տրուի այլեւ՝ անոնք պիտի ստանան հոգեբանական աջակցութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.