2012-07-02 13:28:09

Քենիայի Մէջ 17 Քրիստոնեայ Հաւատացեալներ Սպաննուած Են Ծայրայեղ Մահմետականներու Կողմէ։


Կիրակի մէկ յուլիսին հիւսիսային Քենիայի մէջ երկու եկեղեցիներ թիրախ դարձան ծայրայեղ մահմետականներու, որոնք ձեռային ռումբեր նետած են կաթողիկէ եկեղեցիներու վրայ։
Յայտնենք որ Քենիան բռնութիւններու բեմ դարձած է այն պահէն որ կառավարութիւնը որոշած էր զինուոր ուղարկել Սոմալիա` ճզմելու ''ալ շապապ'' ըմբոստները, որոնք իրենց կարգին պատերազմ հռչակած են Քենիայի դէմ։
Քենիայի եկեղեցին հիմնուած է 19 դարու վերջը եւ կաթողիկէները կը կազմեն ամենամեծ հասարակութիւնը։

Ի լուր այս դէպքին Վատիկանի Մամլոյ գրասենաեկի տնօրէնը Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին վճրակամօրէն դատապարտած է արարքը մօտիկութիւն յայտնելով Քենիայի Քրիստոնեայ Հասարակութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.