2012-07-02 14:02:45

Սուրիացի Ընդդիմադիրներու Հաւաք Գահիրէի Մէջ.


Սուրիացի ընդդիմադիրները մերժած են ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի յատուկ բանագնաց Քոֆի Աննանի` «անցումային կառավարութիւն» ձեւաւորելու նախագիծը:
Սուրիացի ընդդիմադիր Հէյթամ Մելիհ յայտարարած է, որ նոր նախագիծը պարզապէս ժամանակի կորուստ է եւ քանի դեռ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասսատ կը շարունակէ «շուրջը մահ սփռել», իրենք սուրիական իշխանութիւններուն հետ բանակցային սեղանի շուրջ չեն նստիր:
Սուրիացի ընդդիմադիրները այսօր կը հաւաքուին Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ, քննարկելու Սուրիոյ մէջ իշխող վարչաձեւի տապալումէն ետք ձեւաւորուելիք ժամանակաւոր կառավարութեան հարցը: Կը նախատեսուի, որ ընդդիմութեան ժողովէն ետք անոնք նոր փաստաթուղթ հրապարակեն:
Երկօրեայ հաւաքին կը մասնակցի ընդդիմութեան շուրջ 200 ներկայացուցիչներ :
Միւս կողմէ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Աննան կը յայտարարէր որ Ժընեւի մէջ ՝՝Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակ-ի ժողովին մասնակցող արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու նպատակով փոխանցման կառավարութեան մը կազմութեան ծրագիրի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած էին՝՝ :
Նշենք սակայն որ Ռուսիա մերժած էր այդ համաձայնութեան մէջ ներառել կէտ մը, որ Ասսատին կոչ կ՛ուղղէր Ազգային Միութեան կառավարութեան կազմութեան ճամբան հարթելու համար հեռանայ իշխանութենէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.