2012-07-02 13:32:53

Ս. Անտոն Բատովացիի Մասունքներու Ուխտագնացութիւնը Դէպի ֆրանսա։


Ս. Անտոն Բատովացիի մասունքները առաջին անգամուայ համար ուխտագնացութիւն կը կատարեն հարաւային ֆրանսա յուլիս 3-8, ուր սուրբը առաքելութիւն կատարած էր ու քարոզած 1222 եւ 1227 թուականներուն։
Բատովա քաղաքէն եկած մասունքները յաջորդաբար կանգ կ'առնեն. Լուրտի գլարիսներու մենաստանը, Նարպոն եւ Քիւժ լէ Բենի ս. Անտոնի նուիրուած եկեղեցիներու մէջ։
Հարաւային ֆրանսայի հաւատացեալները հրաւիրուած են մեծարելու հրաշագործ եւ խնդրակատար ս. Անտոնի մասունքները։
Ան սուրբերու շարքին դասուեցաւ իր մահէն մէկ տարի ետք եւ 1946ին հռչակուեցաւ ''Եկեղեցւոյ Վարդապետ''։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը փետրուար 2010-ին սուրբ Անտոն Բատովացիի մասին խօսելով ընդգծեց որ այս սուրբը կաթողիկէ եկեղեցւոյ ամէնէն ժողովրդական սուրբն է, ոչ միայն մեծարուած Բատովա քաղաքին մէջ, ուր իրեն ի պատիւ կառուցուած է գեղաշէն սքանչելի եկեղեցի մը եւ որու մէջ կը հանգչի իր մահկանքացու մարմինը, այլ եւ աշխարհի չորս անկիւններու մէջ։ Ս. Անտոն Բատովացին մեծապէս նպաստեց ֆրանչիսքեան հոգեւորութեան ծաւալումին, շնորհիւ ընդունած աստուածային պարգեւներուն` իմաստութեան, ժուժկալութեան եւ առաքելական եռանդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.