2012-07-02 14:02:37

Կիպրոս ԵՄ Նախագահութիւնը Ստանձնեց.


«Յանուն աւելի լաւ Եւրոպայի» կարգախօսով` Կիպրոսը Կիրակի օր ստանձնեց ԵՄ Խորհուրդի Նախագահութիւնը։

Ասիկա պատմական իրադարձութիւն մըն է այս երկրի համար, որ կառոյցին անդամ դարձաւ 2004-ին եւ եւրոգօտի մտաւ 2008-ին: Առաջին անգամն է, որ Եւրոմիութիւնը պիտի ղեկավարէ այդքան փոքր պետութիւն մը ` 800 հազարէն քիչ բնակչութեամբ եւ 17,2 միլիառ ՀՆԱ-ով:
Կիպրոսը ԵՄ Նախագահութիւնը ստանձնեց Դանիայէն:
Կիպրոսի համար նախագահութիւնը խնդրահարոյց պիտի ըլլայ նաեւ այն առումով, որ ԵՄ-ը կ’ապրի տնտեսական ճգնաժամ: Միւս գլխաւոր խնդիրը Կիպրոսի հիմնահարցի անորոշութիւնն է, արդարեւ երկրի 37 տոկոսը գրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ, եւ ԵՄ արձանագրութեամբ Եւրոմիութեան իրաւական համակարգի ազդեցութիւնը չի տարածուիր այն շրջաններուն վրայ, որոնք չեն գտնուիր Կիպրոսի Հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ:
Անգարա չի ճանչնար Կիպրոսի Հանրապետութիւնը եւ խիստ քննադատատութեամբ հանդէս եկած է այդ երկրի` ԵՄ Նախագահութիւնը ստանձնելուն առիթով:








All the contents on this site are copyrighted ©.