2012-07-02 14:02:25

Եգիպտական Բանակը Իշխանութիւնը Պաշտօնապէս Յանձնեց Նախագահ Մուրսիի։ Նորընտրեալ Նախագահը Կ՝աշխատի Նոր Կառավարութեան Կազմութեանը Համար։


Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ մարաջախ Մոհամետ Հիւսէյն Թանթաուի Գահիրէի մօտ զօրանոցի մը մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին երկրին իշխանութիւնը յանձնեց նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսիի:
Թանթաուի, սպայակոյտի պետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամի Անան, ինչպէս նաեւ սպայակոյտի անդամները զինուորական բարեւով դիմաւորեցին նորընտիր նախագահը, որ այդ ընդունելութեան համար «խոր գնահատանք» յայտնեց` զայն նկատելով «եգիպտացի ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն միասնականութեան վերաբերեալ աշխարհին ներկայացուած բնորդ մը»:
Թանթաուի յայտնեց, որ Եգիպտոսի զինեալ ուժերը իշխանութիւնը յանձնելու իրենց խոստումը յարգեցին` վստահեցնելով, որ «բանակի հաւատարմութիւնը ժողովուրդին եւ հայրենիքին է»: Թանթաուի նշեց, որ «ժամանակը հասած է, որ անցեալը մեր ետին ձգենք` անկէ դաս եւ պատգամ առնելով», ապա «ողջունեց» 25 յունուարի «անմեղ նահատակները»:
Թանթաուի վստահեցուց, որ զինեալ ուժերը նորընտիր նախագահին կողքին կը կանգնին:
Նախագահ Մուրսի իր արտասանած խօսքին մէջ զինեալ ուժերուն կողմէ իշխանութեան իրեն յանձնուիլը նկատեց «Եգիպտոսի պատմութեան մէջ իւրայատուկ օր մը»` նշելով, որ այս օրը պատմութեան մէջ պիտի սերտուի, լուսաւոր գիրերով պիտի գրուի, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ սերունդներուն կողմնացոյց մը պիտի ըլլայ:
Մուրսի հաստատեց, որ եգիպտական բանակի հրամանատարները, սպաներն ու զինուորները կատարեցին Աստուծոյ եւ ժողովուրդին առջեւ իրենց տուած խոստումը` խոստանալով, որ «զինեալ ուժերու իրաւունքներուն ձեռք չտրուի» եւ անոնց պահանջները կատարուին: Ան խոստացաւ զինեալ ուժերը պատուելու հանդէս մը կազմակերպել:
Նշեալ արարողութենէն առաջ, Մուրսի Սահմանադրական դատարանին առջեւ կատարեց իր նախագահական երդումը, որուն արարողութիւնը անծանօթ պատճառներով մէկ ժամ ուշացումով տեղի ունեցաւ: Ան այդ առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ժողովուրդն ու իշխանութիւնները նախանձախնդիր են, որ Սահմանադրական Դատարանը ուժեղ, անկախ եւ ազդու մնայ: Ան դատաւորները նկարագրեց իբրեւ հաւատարիմ եւ հայրենասէր անձեր:
«Կը յարգեմ եւ կը գնահատեմ դատական ու օրէնսդրական իշխանութիւնները եւ այդ իշխանութեանց անկախութիւնը, Սահմանադրական դատարանն ու անոր վճիռներու յարգումը ապահովելու դերս կը կատարեմ», ըսաւ Մուրսի: Ան նշեց, որ գործադիր, դատական եւ օրէնսդրական իշխանութեանց իրարմէ անկախութիւնը կը յարգէ:
Նախքան Սահմանադրական Դատարանին առջեւ իր երդում կատարելը, Մուրսի երդում կատարեց նաեւ Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ բազմահազար ցուցարարներու ներկայութեան:
Այժմ նորընտիր նախագահը կաշխատի կազմելու համար նոր կառավարութիւնը, եւ թէ առաջին դժուարութիւնը կը հանդիսանայ Երկրի Վարչապետի ընտրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.