2012-06-30 14:40:49

Սուրիական Հակամարտութեան Կարգաւորման Հարցով Հանդիպում՝ Ժընեւի Մէջ։


Այսօր Միջազգային Ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի վրայ ուր Սուրիոյ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով տեղի կ՝ունենայ կարեւոր հանդիպում մը ։ Այս հանդիպման կը մասնակցին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարները , ինչպէս նաեւ Թուրքիան, Գուվայթը եւ Գաթարը: Հանդիպման ժամանակ պիտի քննարկուի ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Պետութիւններու Լիկայի բանագնաց Քոֆի Աննանի` հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նախագիծը:

Առջի օր իրանական հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին Սուրիոյ նախգահ Պաշար Ասսատ յայտարարած էր, որ երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամի կարգաւորման հարցով, չընդունիր արտաքին միջամտութիւնը:Միւս կողմէ Սուրիոյ մէջ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր շարունակուող հակամարտութեան հետեւանքով զոհուած են աւելի քան 10.000 հոգի:








All the contents on this site are copyrighted ©.