2012-06-30 14:38:06

Սուրբ Գամիլլոյի Սուրբ Սրտի Մասունքի Փոխադրութիւնը՝ Սան Բաօլօ(ՊՐԱԶԻԼ)։


Հիւանդներու եւ Բուժօգնիչնետու Պաշտպան Սուրբը Սուրբ Գամիլլոյի Սուրբ Սրտի Մասունքը պիտի փոխադրուի Պրազիլի Սան Բաօլօ քաղաքը,Գամիլլիան Կրօնաւորներու Պրազիլի հողամասի վրայ ներկայութեան 90ամեակի՝ յետ ամիս մը տեւող տօնախմբութեանց եզրափակման առթիւ։
"Սուրբ Մասունքը" պիտի կատարէ երկար Ուխտագնացութիւն մը, այցելելով Պրազիլի 10 Թեմերը։ "Սուրբ Մասունքի" ուխտագնացութիւնը մաս կը կազմէ Գամիլլիան Միաբանութեան նախաձեռնութեանց ,որ նոյնինքն Միաբանութիւնը սկիզբ տուաւ ի պատրաստութիւն 2014-ի Յոբելինական Տարուայ,երբ պիտի ոգեկոչուի Սուրբ Գամիլլօ Տէ Լելլիս-ի մահուան Դ. հարիւրամեակը։
Սուրբ Գամիլլօ Տէ Լըլլիս ծնած է Պուքքիանիքօ 1550ին,եւ վախճանած՝ Հռոմ 1614ին։
Գամիլլօ Լելլիս 1742-ին Երանելի հռչակուեցաւ Պենետիկտոս ԺԴ.Պապի կողմէ,եւ նոյն Քահանայապետի կողմէ Սրբադասուեցաւ 29 Յունիս 1746-ին։ Ան (Ս.Յովհաննէս Աստուծոյ հետ միասին) Հիւանդներու եւ Բուժ-օգնիչներու Պաշտպան Սուրբն է ։








All the contents on this site are copyrighted ©.