2012-06-30 14:37:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ուխտագնացութիւն Կը Կատարէ Լորեթոյի Մարեմեան Սրբավայրը։


''Լորեթօ'' թեմի առաջնորդը` գերապայծառ Թոնուչի Մարեմեան սրբավայրին մէջ գլխաւորած երեկոյեան ժամասացութեան ընթացքին հաւատացեալներուն յայտնեց որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդառաջելով իր հրաւէրին յառաջիկայ 4 հոկտեմբերին ուխտագնացութիւն կը կատարէ Լորեթոյի Տիրամօր որպէսզի իր հովանաւորութեան ներքեւ դնէ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հաւատքի տարին։
Այս ուխտագնացութիւնը կը կատարուի ի յիշատակ երանելի Յովհանէս 23-րդ Քահանայապետի Ասիզի եւ Լորեթօ կատարած այցելութեան, Վատիկանեան Բ. տիեզերական ժողովի նախօրեակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.