2012-06-30 14:36:03

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը .


Այսօր Շաբաթ 30 Յունիս, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց
Գերապայծառ ֆեռեր՝ Քարտուղարը Հաւատոյ Ժողովին,
ապա Նորին Սրբութիւնը Պօղոս Զ-ի անուան մեծ սրահին մէջ ընդունեց Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս Առաքելապետերու Տօնին առթիւ՝Պալլիումը (Եմիփերոն-լայն ու երկար ուրար) ստացող Եպիսկոպոսապետերը ու Մետրապոլիտները, ընկերակցութեամբ իրենց ընտանեկան պարագաներուն ու հաւատացեալներուն։

Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց զանոնք եւ ի մէջ այլոց ըսաւ ՝՝ Ձեր ներկայութեամբը հոս (դուք եկած աշխարհի չորս ծագերէն ) ապացոյցն էք Եկեղեցւոյ Տիեզերականութեան , եւ թէ դուք կանչուած էք Քրիստոսը ճանչցնելու ու Աւետարանը քարոզելու բոլոր ցամաքամասերու մէջ , բոլոր լեզուներով։

Ձեզի համար կ'աղօթեմ որպէսզի կարող ըլլաք ուրախութեամբ ու հաւատարմութեամբ կատարելու ձեզի յանձնուած առաքելութիւնը՝ Աստուծոյ փառքին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Պալլիումը խորհրդանիշ ՝՝Միութեան՝՝ հոգեւոր հովիւներու ու Սուրբ Պետրոսի Յաջորդի միջեւ, միաժամանակ կը յիշեցնէ Հովիւներու պատասխանատուութիւնը ըլլալու՝ եռանդուն ու օրինակելի, եւ ամէնուն հանդէպ սիրով լեցուած՝ լաւագոյնս հովուելու համար Աստուծոյ Ժողովուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.