2012-06-30 14:38:58

Ունեսքօ-ն Բեթղեհթմի Ծննդեան Պազիլիքան Կ'արձանագրէ Որպէս Համաշխարհային Ժառանգութեան Մէկ Մասը։


Պաղեստինցի ժողովուրդին համար, ասիկա մեծ ՜՜Յաղթանակ՝՝ է ։
Հակառակ ԱՄՆի եւ Իսրայէլի ընդդիմութեան, Ունեսքօ-ն, 29 յունիսին, արձանագրեց պաղեստինեան հողի վրայ գտնուող՝ Բեթղեհէմի Ծննդեան պազիլիքան, որպէս համաշխարհային ժառանգութեան մէկ մասը ։ Արդարեւ այդ վայրին մէջ Յիսուս ծնած էր։
Նշենք որ 2011-ի՝ հոկտեմբերին, Պաղեստինը անդամ դարձած էր Ունեսքոյի։
Ամէն տարի աւելի քան 2 միլիոն ուխտաւորներ կ'այցելեն Յիսուսի ծննդեան պազիլիքան, որ կը նկատուի աշխարհի ամենէն հին եկեղեցիներէն մէկը։
Անիկա կառուցուեցաւ չորրորդ դարուն՝ Կոստանտին կայսեր կամքով ։







All the contents on this site are copyrighted ©.