2012-06-29 07:26:11

Վատիկանի եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան Միջեւ Պաշտօնական Այցելութիւններու Սովորութիւնը։


Վատիկանի եւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան միջեւ պաշտօնական այցելութիւններու սովորութիւնը սկիզբ առած է 1969 թուականին` այդ ժամանակուայ Քրիստոնեաներու Միութեան խորհուրդի քարտուղար` Կարտինալ Եոհաննէս Ուիլլպրանտսի` Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պաշտպան սուրբ` Սուրբ Անդրէասի տօնին առթիւ, Պոլիս կատարած այցելութեամբ ։

Այդ թուականէն սկսեալ, ամէն տարի, մինչ Վատիկանեան պատուիրակութիւն մը Սուրբ Անդրէասի տօնին օրը Պոլիս կը մեկնի, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ, Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը այցելութիւն կը կատարէ Վատիկան։ Պատուիրակութեան անդամները հուսկ 29 յունիսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Սրբազան Տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ մատուցուած արարողութեան։ Իրենց կեցութեան ընթացքին ապա պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ կ՛ունենան Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի անդամներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.