2012-06-29 13:01:02

Սուրիահայերու Մասին Տիկին Հրանոյշ ՅԱԿՈԲԵԱՆի հարցազրոյցը ՝՝Հայերը Այսօր ՝՝ Լրատուական Կայքին։


՝՝Վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ իրավիճակը վատթարացած է, եւ շատեր կը փորձեն խօսիլ Սուրիահայերու մասին: Ինչպէս կ՝արժեւորէք կացութիւնը ՝՝ հարցումին Սփիւռքի Նախարար Հ. Յակոբեան պատասխանած է ըսելով,
՝՝Անշուշտ, Հայաստանում, Արցախում եւ Սփիւռքում բոլորը խիստ մտահոգ են Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակով: Մենք շահագրգռուած ենք, որ օր առաջ Սուրիոյ մէջ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատուի:
Մեր ունեցած տեղեկութիւններու համաձայն` Սիրիոյ մէջ կը բնակին շուրջ 60 հազար հայեր , յատկապէս Հալէպ , Գամըշլը , Դամասկոս , Լաթթաքիայ , եւ Քեսապ: Հալէպի հայ համայնքը կը նկատուի Մայր Գաղութ, այնտեղ գործում են մեր աւանդական կուսակցութիւնները, ՀԲԸՄ-ն, ՀՕՄ-ը, ՀՄԸՄ-ը, հայ եկեղեցւոյ թեմերը, բազմաթիւ բարեգործական, երիտասարդական, կանանց եւ այլ կազմակերպութիւններ: Մեր դպրոցները, մշակութային կեդրոնները, թերթերը, կառոյցները մեծ աշխատանք կը տանին հայ ինքնութեան, հայկական արժէքներու պահպանման համար: Վերջին տարիներուն զգալիօրէն աշխուժացած են մեր կապերը Սիրիոյ հայ համայնքի հետ:
ՀՀ դեսպանութիւնը Դամասկոսի մէջ եւ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Հալէպ կը շարունակեն իրականացնել իրենց առաքելութիւնը, ամէն օր զբաղելով Սուրիահայերու խնդիրներով եւ կը ձեռնարկեն հնարաւոր բոլոր միջոցները` անոնց օգնելու համար ։
Սուրիահայերու կողմէ Հայաստան բնակելու փափաքի ուղղութեամբ կառավարութեան համապատասխան կառոյցները պատրաստ են օժանդակելու անոնց՝ Հայստան հաստատուելու համար՝՝ (ըսած է Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը՝՝Հայերը Այսօր՝՝ Կայքին տուած իր հարցազրոյցին մէջ) :








All the contents on this site are copyrighted ©.