2012-06-29 07:16:12

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Նոր Աւետարանացումը եւ Եհովայի վկաները
(3)
Մեր նախորդ հաղորդումներուն մէջ փորձեցինք հակիրճ կերպով ներկայացնել Եհովայի վկաներու «Աստուածաբանութեան» եւ դաւանանքի կարգ մը կէտեր: Մեզի կը մնայ խօսիլ երեք կէտերու մասին. մեռելներու յարութիւնը, դատաստանի օրը, եւ դժոխքի մասին:
ա- Մեռելներու յարութիւն
Մեռելներու յարութեան մասին Եհովայի վկաները կ՛ըսեն թէ երբ այդ ժամանակը գայ, մեռելները իրենց ներկայ մարմնով յարութիւն պիտի չ՛առնեն: Բոլոր մամինները ամբողջութեամբ պիտի փճանան, եւ անոնց փոխարէն՝ յարութիւն առնողներուն նորաստեղծ մարմին մը պիտի տրուի: Նոյնպէս կ՛ըսեն թէ բոլոր մեռելները չէ որ յարութիւն պիտի առնեն, այլ միայն ընտրուածները: Սակայն Քրիստոս առիթով մը Երուսաղէմի մէջ յայտարարեց թէ ժամանակ պիտի գայ, երբ բոլոր գերեզմաններու մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն եւ դուրս պիտի գան...»
Մենք քրիստոնեաներս հանդերձեալ կեանքի մասին հետեւեալ ըմբռնումը ունինք: Մենք կ՛ընդունինք մարմիններու յարութիւնը, որուն առաջին օրինակը եղաւ Քրիստոս: Ասոր համար Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. « Եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ Աստուած ննջեցեալները Յիսուսով պիտի բերէ անոր հետ» (Ա. Թես. 4.13):
բ- Դատաստանի օրը եւ յատուցումը
Եհովայի վկաները կ՛ըսեն թէ «Դատաստանը» օր մը չէ, այլ երկայ ժամանակաշրջան մըն է, երբ իրենց արդարութեան համար մեռելներէն յարութիւն առածները անգամ մը եւս պէտք է հաստատեն Աստուծոյ իրենց հաւատարմութիւնը: Սակայն Սուրբ Գիրքը մեզի կ՛ըսէ թէ Աստուած օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն (Քրիստոսի) ձեռքով՝ որ որոշեց (Գործք 17.31)
Եհովայի վկաները կ՛ըսեն նաեւ թէ Դատաստանի օրը հաշուետուութիւն չկա՛յ եւ պիտի չըլլայ: Բայց Քրիստոս կ՛ըսէ. « Ձեզի կ՛ըսեմ, թէ ամէն դատարկ խօսքի համար՝ որ մարդիկ կը խօսին, դատաստանին օրը հաշիւ պիտի տան (ՄՏ. 12.36)
գ- Դժոխք
Մահուան եւ հանդերձեալ կեանքի մասին, Եհովայի վկաները կ՛ըսեն թէ անոնք գոյութիւն չունին, անոնք սատանային հնարած սուտերն են: Չարերուն վախճանը մահ է, կ՛ըսեն, այսինքն՝ ընդմիշտ փճացում է, ո՛չ թէ տանջանք: Սակայն Քրիստոս վերջին դատաստանի պատկերը գծած ատեն չարագործներուն ըսաւ. « Հեռացէք ինձմէ, անիծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ, որ պատրաստուած է սատանային եւ իր հրեշտակներուն (Մտ. 25.41), եւ Կ՛աւելցնէ. «եւ ասոնք պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանք» (ՄՏ 25.46)
Այս ուսուցումներուն կողքին Եհովայի վկաները ունին նաեւ յատուկ դաւանանք Կրօնական տօներուն մասին: Անոնց համաձայն Ծնունդը կամ Զատիկը հեթանոսական են եւ ո՛չ քրիստոնէական:
Նոյնպէս Եհովայի վկաները պետական իշխանութիւններուն համար կ՛ըսեն թէ անոնք սատանային կողմէ ղեկաւարուած են, անոր կը պատկանին, ուստի պէտք չէ մասնակցիլ ազգային-քաղաքական կեանքի, պէտք չէ յարգել ազգային ու քաղաքական իշխանութիւնները, եւ ոչ ալ պէտք է զինուորական ծառայութիւն ընել, կամ պատիւ ընծայել պետական դրօշակին, որ սատանային իշխանութեան խորհրդանիշն է: Սակայն մեր Քրիստոնեայ հաւատքը այդպէս չի սորվեցներ մեզի: Քրիստոնեայ հաւատացեալը պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ թէ յարգելով պետական իշխանութիւնները եւ հնազանդելով անոնց, այդ ձեւով անուղղակիօրէն իր հպատակութիւնը կը յայտնէ Աստուծոյ, որովհետեւ բոլոր իշխանաւորները Աստուծմէ կարգուած են, արկախ իրենց լաւ թէ վատ պետական-քաղաքական մատակարարման:








All the contents on this site are copyrighted ©.