2012-06-28 11:26:27

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Վատինեան Տիեզերական Բ Ժողովի 50րդ տարեդարձին առթիւ, 28 յունիսէն - 8 դեկտեմբեր 2012, Հռոմի Գասթել Սանդ՛անճէլօ թանգարանի սրահներուն մէջ կազմակերպուած է <<Յիշատակելի Քահանայապետները>> վերտառութեամբ ցուցահանդէս` նուիրուած Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին։

28 յունիսին, Հռոմի օտար մամուլի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ <<Կրօնի Ազատութեան Դիտարանի>> ներկայացումը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պալթիմօրի Արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Ուիլլիամ Լորին, որ ներկայացուց << Կրօնի Ազատութիւն. մեր պատասխանատուութիւնը` պաշտպանելու համար բոլոր ազգերուն շնորհուած Աստուծոյ այս թանկարժէք պարգեւը>> նիւթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.