2012-06-28 11:19:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան Պատուիրակութեան Անդամներուն Հետ Հանդիպում` <<մէկ սրտով ու մէկ հոգիով փառաբանել Աստուծոյ Անունը>>

Հինգշաբթի 28 յունիս 2012 առաւօտեան ժամը 11ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութենէն պատգամաւորութիւն մը որուն մաս կը կազմէին ֆրանսայի Մետրոպոլիտ գերապայծառ Էմաննուէլ Ատամաքիս, որ է նաեւ Եւրոմիութեան մօտ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ գրասենեակի տնօրէն, Միացեալ Նահանգներու ֆիլոմէլիոնի եպիսկոպոսը գերապայծառ Իլիաս Գաթրէ եւ սարկաւագ Բայիզիոս Գոգգինագիս։

Ժամը 11.30 Սրբազան Հայրը, հրաժշտի այցելութեան առթիւ, ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Աթոռի մօտ Իսրայելի դեսպան Տիար Մորտէգայ Լէվիի` եւ Եգիպտոսի դեսպան Տիկ Լամիա Մէխէմարի։

Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց Սուրբերու Դատերու Ժողովի Կառավարիչը Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօն։

Հուսկ կէսօրին Սրբազան Քահանայապետը եղբայրական ագապը բաժնեկցեցաւ Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին։

Նշենք որ Վատիկանի եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան միջեւ պաշտօնական այցելութիւններու սովորութիւնը սկիզբ առած է 1969 թուականին` այդ ժամանակուայ Քրիստոնեաներու Միութեան խորհուրդի քարտուղար` Կարտինալ Եոհաննէս Ուիլլպրանտսի` Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պաշտպան սուրբ` Սուրբ Անտրէասի տօնին առթիւ, Պոլիս կատարած այցելութեամբ ։

Այդ թուականէն սկսեալ, ամէն տարի, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ, Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը այցելութիւն կը կատարէ Վատիկան։Պատուիրակութեան անդամները հուսկ 29 յունիսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Սրբազան Տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոս Տաճարի մէջ մատուցուած արարողութեան։ Իրենց կեցութեան ընթացքին պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ կ՛ունենան նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի անդամներուն հետ։

Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատգամաւորներուն հետ հանդիպումի ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան համար ու ապա աղերս ներկայացուց ամէնողորմ Աստուծոյ, խնդրելով որ մօտեցնէ այն օրը միասնաբար բաժնեկցելու Սուրբ Զոհը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց, այս տարի (2012-ին) նշուելիք, Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի 50րդ յոբելեանին յիշելով այդ շրջանի Կ. Պոլսոյ Աթէնակորաս Տիեզերական Պատրիարքի` դերն ու գործունէութիւնը։
Ապա խօսքը եզրափակելով Սրբազան Հայրը մաղթանք յայտնեց որ ամենակարող Աստուած, իր կամքին համաձայն, պարգեւէ միութեան լիութիւնը որպէսզի <<մէկ սրտով ու մէկ հոգիով>> կարենանք փառաբանել Անոր անունը - ըսաւ Ան ։







All the contents on this site are copyrighted ©.