2012-06-27 14:42:49

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Եգիպտոսի մօտ Առաքելական Դեսպանի Շնորհաւորագիրը Եգիպտոսի Նորընտիր Նախագահին։

Գերապայծառ Մայքըլ ֆիցկերալտ` Գահիրէի մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական դեսպան, շնորհաւորագիր մը յղած է Եգիպտոսի նոր ընտիր նախագահ` Մուհամատ Մորսիին մաղթելով որ Ան երկիրը ղեկավարէ ի շահ բոլոր բնակիչներուն ու ընկերային ցանցին պահպանման ու անոր միութեան։


26 Յունիսը Հալածանքի Ենթականերու Օգնութեան Միջազգային Օր Հաստատուած ՄԱԿէն։

26 յունիսը ՄԱԿի որոշումով հռչակուած է որպէս հալածանքի ենթականերու օգնութեան միջազգային օր։ Այս հռչկումով ՄԱԿի ընդհանուր ժողովը կը յուսայ ամբողջովին ջնջել չարչարանքի դրութիւնը, որ տակաւին կը կիրարկուի 150 երկիրներու մէջ։ Նման դրութիւն մը հակառակ է մարդու իրաւունքին ու անոր արժանաւորութեան։ Այս օրուան առթիւ ՄԱԿը հաղորդագիր մը հրապարակած է մասնաւորապէս ամբաստանելով Թիւնիզիա, Մեքսիքօ եւ Սրի Լանքան, որոնք չարչարանքի դրութեամբ յանցաւորներէն խոստովանութիւն կը պահանջեն։










All the contents on this site are copyrighted ©.