2012-06-27 14:25:59

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ՎՐԹԱՆԷՍ ՔԵՐԹՈՂ


Վրթանէս Քերթողի անունը կը յիշատակուի մանաւանդ 6-րդ դարուն վերջերը եւ 7-րդ դարու սկիզբը. Ան ապրած է եւ գործած մասնաւորապէա Աբրահամ եւ Մովսէս կաթո-ղիկոսներու շրջանին եւ ջնացած է միջնորդութիւն կատարել ընդմէջ Հայերուն եւ Վրա-ցիներուն, կրօնական հարցերու շուրջ. Նաեւ Աղուաններու կղերին հետ շփումներ ունեցած է, ինչպէս նաեւ հայ եպիսկոպոսներու հետ, պայքարելու համար պատկերա-մարտներու դէմ, որոնք նոյն շրջանին ահաւոր աւերներ կը գործէին եկեղեցիներու մէջ, խափանելով յարգանքը սուրբերու պատկերներուն հանդէպ եւ գործնականօրէն փըճա-ցընելով բոլոր հնութենէն յառաջ եկած սրբազան պատկերները, որոնք մինչեւ այդ շրջանը, քրիստոնեայ ժողովուրդին յարգանքին ու մեծարանքին առարկայ եղած էին։
Իր գլխաւոր գրութիւնը որ մեզի հասած է ՝՝Յաղագս Պատկերամարտաց՝՝ կոչուած գիրքն է. Այս աղանդին պատկանողները Բիւզանդիոնէն մինչեւ Հայաստան մուտք գործեցին, տարածելու համար իրենց կործանարար սկզբունքները նոյնիսկ Հայերու մօտ. Արդէն Յովհաննէս Օձնեցի Կաթողիկոսը պայքարած էր իրենց դէմ, առարկելով թէ անոնք պատկերամարտութենէն կը յառաջանան դէպի խաչամարտութիւն, եւ խաչամարտութենէն դէպի քրիստոսատեացութիւն։ Վրթանէս նաեւ կը վկայէ անոնց մասին թէ ինչպէս իրենց խաւարային գաղափարներով կը խաբեն անմեղ մարդոց սրտերը եւ կը ներմուծեն հերձուածը Եկեղեցւոյ մէջ։
Օրինակներ կը բերէ հին եւ նոր Կտակարաններէն, վկայութիւններ կը յառաջացնէ սուրբ Հայրերէն, Յովհան Ոսկեբերանէն, Սեւերիանոս Սեբաստացիէն, Եւսեբիոս Կեսարացիէն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն եւ այլ սուրբ հայրապետներէ, ինչպէս նաեւ Սրբուհի Գայանէէն, Հռիփսիմէէն եւ ուրիշ սուրբերէ, որոնք միշտ մեծարած էին սուրբերու նկարներն ու մասունքները։ Իսկ երբ անոնք կ՛առարկեն թէ մինչեւ 6-րդ դար Հայերը նկարներ չունէին եւ Պապ թագաւորն էր որ զանոնք ներմուծեց Հայաստան, (Յոյներէն առնելով) Վրթանէս կը պատասխանէ թէ ճիշդ է որ մինչեւ 6-րդ դար Հայերը չէին զարգացած նկարչութեան արուեստին մէջ, սակայն Հռովմէական ու Բիւզանդական աշխարհէն շատ մը սրբազան պատկերներ հետերնին Հայաստան բերած էին, եւ ասիկա Պապ թագաւորէն շատ առաջ։
Վրթանէս Քերթող ունի նաեւ ՝՝Շրջագայական՝՝ կոչուած թուղթ մը, զոր ուղղած է Ցուրտաւի գաւառին մէջ գտնուող բոլոր Հայերուն, կղերին թէ ժողովուրդին. Որպէս պատասխան` կ՛ընդունի նամակ մը Ցուրտաւի Մովսէս եպիսկոպոսէն, ուղղուած իրեն, ուր ան կը յայտնէ իր շնորհակալութիւնը իր տուած կրօնական ուղիղ վարդապետու-թեան եւ բարոյական առողջ սկզբունքներուն համար։
Զանազան նամակներ ալ գրած է, մին` ուղղուած Պետրոս անունով եպիսկոպոսի մը, ուրիշ մը` Վրացիներու Կիւրիոն կաթողիկոսին, երրորդ թուղթ մը` ուղղուած Աղուան-ներու կաթողիկոսին եւ ի վերջոյ` թուղթ մը առ Աբրահամ Կաթողիկոս Հայոց։ Իրեն կը վերագրուին նաեւ կարգ մը նամակներ ալ` ուղղուած աշխարհական իշխանութիւն-ներուն. Սմբատ Վրկան հայոց մարզպանին, Ադրներսեհ` Վրաց իշխանին, եւայլն։
Նիւթը որուն մասին կը խօսի Վրթանէս շատ հետաքրքրական է, որովհետեւ կը լուսաւորէ այդ դարերու մէջ յառաջ եկած նշանաւոր աղանդի մը զանազան զարգացումները Բիւզանդիոնի եւ Հայաստանի մէջ։
Թէեւ իր թուղթերը հակիրճ են ու համառօտաբար գրուած, սակայն կարելի է ըսել թէ ան ունի շատ ընտիր ոճ մը եւ մաքուր լեզու, իր դարուն նկատմամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.