2012-06-27 14:26:53

«Ղարաբաղեան Տագնապին Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը Մարտահրաւէր Է՝ Ոչ Միայն Շրջանին, Այլ նաեւ Եւրոպայի Համար» Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան՝ Ընդունելով Աւստրիոյ Նախագահը։ Սերժ Սարգսեան Այսօր Կը Մեկնի Պելճիքա.


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով նախանցեալ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըր իր կնոջ` Մարկրիթ Ֆիշըրի հետ:
Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հետ Յունիս 26ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշահամալիրը:
Ան ծաղիկներ զետեղեց Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց նահատակներուն յիշատակը: Այնուհետեւ Ֆիշըր այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր ծանօթացաւ 20րդ դարասկըզբին Օսմանեան Թուրքիոյ կատարած մեծագոյն ոճիրին խօսուն փաստերը հանդիսացող ցուցանմոյշներուն: Թանգարանի յուշամատեանին մէջ ան գրեց. «Խօսքեր չեմ գտներ նկարագրելու մարդկային այն մեծ ողբերգութիւնը, որ տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ»։ Յիշատակի պուրակին մէջ ան նաեւ զետեղեց եղեւնիի ծառ մը ։
Նշենք, որ Աւստրիան շարքին է այն պետութիւններուն, որոնք տակաւին չեն ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն տեղւոյն հայկական համայնքը այս գծով աշխատանք կը տանի։
Իսկ եԵրէկ Աւստրիոյ նախագահին հետ կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ ղարաբաղեան տագնապին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը մարտահրաւէր է ոչ միայն շրջանին, այլ նաեւ Եւրոպայի համար:
Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըր նոյնպէս համոզում յայտնեց, որ ղարաբաղեան տագնապը չի կրնար լուծուիլ ուժային միջոցներով: Ըստ Ֆիշըրի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է շարունակէ իր ջանքերը: «Միջնորդները ներուժ ունին` խնդիրը լուծելու, բայց անհրաժեշտ է համբերութիւն ցուցաբերել» ( ըսաւ ան՝ :
Միւս կողմէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Պելճիքա: Հայաստանի նախագահը Պրիւքսելի մէջ պիտի մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան վեհաժողովին, հանդիպումներ պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Քեթրին Էշթընի եւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Վիլֆրիտ Մարթենսի հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.