2012-06-26 13:38:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հովուական Այցելութիւնը Էմիլիա Ռոմանիա Մարզը,


Որուն Բնակիչները Կը Կրեն Երկրաշարժի Հետեւանքները։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Էմիլիա Ռոմանիա հասաւ հետը բերելով համայն եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը։
Քահանայապետական ինքնաթիռը ժամը 10.15 անց Սան Մարթինօ տի Գարբի հասաւ, ուր գորովալիր զինք ընդունեցին եկեղեցական ու քաղաքային իշխանութիւնները բնակչութեան հետ միասին։
Սրբազան հայրը յաջորդաբար այցելեց երկրաշարժէն վնասուած բոլոր վայրերը Գարբի, Ռովերեդօ, Մանթովա, Մոտենա, ֆեռարա եւ Պոլոնիա։
Ռովերեդօ դի Նովիի մէջ իր արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր ձեր մէջ կը գտնուիմ որովհետեւ հարկաւորութիւնը զգացի անձամբ ձեր մէջ ըլլալու ու ձեզի հետ աղօթելու սաղմոսերգուին խօսքերով ''Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է, տագնապներու մէջ շուտ գտնուող օգնական մը ։ Հետեւաբար պիտի չվախնանք՝ թէեւ երկիրը շարժի, Ու լեռները երերան եւ ծովուն մէջտեղը ձգուին, Թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու խռովին՝՝։
Ձեզ ամէնքդ կ'ողջունեմ ու մտքով ու սրտով կ'ողջագուրեմ բոլոր աղէտեալները մասնաւորապէս անոնք որոնք կ'ողբան իրենց սիրելիները, թող Տէրը զանոնք իր Արքայութեան մէջ ընդունի։
''Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է, տագնապներու մէջ շուտ գտնուող օգնական մը՝՝։
Նորին Սրբութիւնը աւելցուց ըսելով. Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այո Տէրը մեզի հետ է։ Մենք` նման ենք մանուկին որ գիտէ ապաւինիլ ու վստահիլ իր հօրն ու մօր, որովհետեւ գիտակից է որ զինք կը սիրեն. մենք եւս թէեւ դիւրաբեկ, սակայն վստահ ենք որ Աստուծոյ ձեռքերու մէջ կը գտնուինք ու Անոր սէրը անհուն է մեզի հանդէպ։ Այս սէրը մենք կը տեսնենք Խաչեցեալ Քրիստոսի մէջ, որ նշան է վիշտի ու սիրոյ։ Աստուծոյ ապաւինելով մենք կարող պիտի ըլլանք վերակերտել ամէն ինչ որ քանդուեցաւ այս աղէտին պատճառաւ։ Համաշխարհային պատերազմէն ետք Իտալիան կարողացաւ ոտքի կենալ շնորհիւ՝ բազմաթիւ մարդոց անսասան հաւատքին ու զօրակցութեան. շնորհիւ անոր կամքին՝ ապագայ տալու ընտանիքներուն։ Դուք, այս հողի բնակիչները, մեծապէս գնահատուած էք իտալացիներէն, ձեր մարդաբանութեան, աշխատասիրութեան ու կենսունակութեան համար։ Դուք պէտք է հաւատարիմ մնաք ձեր այս հաւատքին ու կարողութեան դիմագրաւելու՝ նեղութիւնները համբերութեամբ ու վճռակամութեամբ, առանց տեղի տալու փորձութեան ու վհատութեան։ Վստահ եղէք որ առանձին չէք, իմ ներկայութիւնը ձեր մէջ, սիրոյ ու յոյսի նշան մըն է, այլ մարդոց նշաններու շարքին։ Ապա Սրբազան հայրը ըսաւ ՜՜Հոս այս վայրէն կ'ուզեմ կոչ ուղղել քաղաքական հաստատութիւններուն ու ամէն քաղաքացիի, ըլլալու՝ հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններուն, Աւետարանի բարի սամարացիի նման որ անտարբեր կեցուածք չունեցաւ կարօտեալի մը առջեւ, այլ սիրով կանգ առաւ ու անոր օգնութեան հասաւ՝՝։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. ՜՜Եկեղեցին ձեզի մօտ է իր աղօթքով ու իր դրական օգնութեամբ իր բազմաթիւ կազմակերպութիւններու միջոցաւ, եւ մասնաւորպէս Գարիթասի միջոցաւ , որ պիտի աշխատի վերակազմելու ժողովրդապետական կառոյցը։ Սիրեցեալ բարեկամներ, ձեզ ամէնքդ կ'օրհնեմ ու սրտով ձեզի հետ եմ.
ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ եզրափակելով իր խօսքը։
Կէսօրին Նորին Սրբութիւնը դարձեալ ինքնաթիռով Վատիկան վերադաձաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.