2012-06-26 13:38:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Այցելութիւնը Էմիլիա Ռոմանիա։


Սփոփանք Եւ Յոյս Երկրաշարժի Աղէտեալներուն։
Երեքշաբթի 26 յունիսին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, այցելեց Իտալիոյ Հիւսիսային շրջանի Էմիլիա Ռոմանիա Նահանգը, սփոփանք եւ յոյս տանելու՝ երկրաշարժի աղէտեալներուն։ Երկրաշարժը՝ որ տեղի ունեցած էր անցեալ մայիսի վերջերը եւ որուն հետեւանքով մահացած էին 23 հոգի։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9ին իքնաթիռով մեկնեցաւ Վատիկանէն եւ Մօտենայի` Սան Մարինօ տի Գարբիի մարզադաշտը ժամանեց 10.15 անց։ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Քաղաքացիական Ապահովութեան Բաժանմունքի Պետ՝ Տիար ֆրանքօ Կապրիէլլիի կողմէ։
Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հուսկ ուղղուեցաւ Ռովէրէթօ Տի Նովի, ուր այցելելէ ետք <<կարմիր գօտիի>> շրջանը ուղղուեցաւ դէպի քաղաքին մարզահամալիրը, այնտեղ զինք դիմաւորեցին Քաղաքական Իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Եպիսկոպոսներ, տեղական կղերի անդամներ, տնտեսական մարզի գործակալներ ու բազմաթիւ հաւատացեալներ։
Սրբազան Քահանայապետին բարի գալուստի խօսք ուղղեց Էմիլիա Րոմանիայի Նահանգապետը` Տիար Վասքօ Էրրանին, որմէ ետք Սրբազան Հայրը ներկաներուն ուղղեց իր հայրական Խօսքը։
Ճառին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն վերադարձաւ Սան Մարինօ Տէ Գարբիի մարզադաշտը, ապա իքնաթիռով վերադարձաւ Վատիկան։












All the contents on this site are copyrighted ©.