2012-06-26 13:15:24

Էջ Մը Հայոց Պատմնութենէն։
6-7րդ ԴԱՐՈՒ ՀԱՅ ՎԵՐՋԻՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ (580– 640)


Մուշեղ Մամիկոնեան
Մուշեղ, Մամիկոնեան տոհմի քաջ հերոսներէն մին հանդիսացաւ. Ան նախընտ-րաբար ձեռք տուաւ Պարսիկներուն, անոնց օգնելով իրենց պատերազմներուն մէջ, որովհետեւ Յոյներու քաղաքականութիւնը հայ իշխաններու հանդէպ հիմնովին փոխուած էր. Անոնք կ՛աքսորէին դէպի Թրակիա կամ Ափրիկէ բոլոր հայ հերոս իշխանները, իրենց ընտանիքներով, Հայաստանը զրկելով այսպէսով կարող ղեկավարներէ, աւելի հեշտօրէն զայն կառավարելու համար, տակաւ առ տակաւ ձուլելով հայութիւնը Յոյներու միջեւ։
589 թուին` պարսիկ զօրավար Վահրամ Չուպի ապստամբեցաւ Որմիզդ թագաւորին դէմ ու զայն սպաննելով` իր տեղը գահ բարձրացաւ։ Որմիզդի որդին` Խոսրով Բ. օգնութիւն խնդրեց Յոյներէն իր օրինաւոր գահին տիրանալու համար. Մօրիկ կայսրը սիրով ընդառաջեց իր խնդրանքին, պայմանաւ որ Հայաստանէն մեծ մաս մը Յոյներու ձեռքն անցնէր։ Անոնց միացաւ Մուշեղի բանակը եւ մեծ յաղթանակ տարին Վահրամի վրայ. Խոսրով գրաւեց իր գահը եւ Յոյները տիրացան Հայաստանի, հասնելով մինչեւ Սեւանայ լիճը։
Սակայն Խոսրով, անշուշտ հաւատալով զրպարտութիւններուն , ուզեց Մուշեղը բռնել եւ բանտարկել. Հայ հերոսը, կռահելով թագաւորի այս մտադրութիւնը, անմիջապէս իր բանակին հետ հեռացաւ պարսկական սահմաններէն։

Սմբատ Բազմայաղթ (591)
Մօրիկ կայսրը հրամայեց որ հայ գունդերը, իրենց զօրավարներով մեկնին Թրակիա եւ հոն պատերազմին տեղական բանակներու դէմ։ Սմբատ Բագրատունի ապստամբեցաւ իր գունդին հետ այս հրամանին դէմ։ Ասոր վրայ Կայսրը զինք բռնել տուաւ եւ շղթայակապ բերել տուաւ Պոլիս եւ զայն նետեց կրկէսի մէջ, գազաններու դէմ կռուելու եւ անոնց կեր ըլլալու համար։ Սմբատ յաղթանդամ էր. Առաջին հերթին իր դէմ հանեցին արջ մը, զոր ան մի քանի բռունցքներով գետին տապալեց եւ ապա` քարով մը ջախջախեց անոր գլուխը։ Ապա իր դէմ ելաւ կատաղի ցուլ մը. Հոս եւս Սմբատ, յետ երկար պայքարելու ամեհի կենդանիին դէմ, յաջողեցաւ ի վերջոյ կոտոշներէն բռնել զայն եւ ոլորել անոր գլուխը, ու տեղն ու տեղը սպաննել։ Ի վերջոյ` դէմը հանեցին սոսկալի առիւծ մը, որ մռնչելով իր վրայ յարձակեցաւ. Աւելի երկար տեղեց Սմբատի կռիւը առիւծին դէմ, զոր ի վերջոյ յաջողեցաւ խեղդելու։ Ասոր վրայ ժողովուրդը խնդրեց կայսրէն որ ներում շնորհուի Սմբատի. Սակայն կայսրը թոյլ չտուաւ որ Հայաստան վերադառնայ, այլ աքսորեց զայն Ափրիկէի խորերը։ Հայերը զինք կոչեցին Սմբատ Բազմայաղթ։

Գայլ Վահան
Իր ճարպիկութեամբ նշանաւոր այս իշխանը, Մամիկոնեան ընտանիքէն էր եւ 604 թուականին( երբ Պարսիկները կը փորձէին վերագրաւել Հայաստանը)ան խաղի բերաւ պարսիկ զօրավարը` Միհրանը եւ Օձ կոչուած հայկական գիւղին մէջ երկու անգամ յաջողեցաւ ջարդել պարսկական գունդերը։ Խոսրով պարսից թագաւորը` կատղած` Վահանի դէմ ղրկեց իր Վախթանգ զօրավարը որ նոյնպէս պարտուեցաւ Վահանի փոքր գունդէն։ Այս հնարամիտ իշխանը, որ իր ճարպիկութեան համար` կոչուեցաւ ժողո-վուրդէն Գայլ Վահան, յաջողեցաւ ի վերջոյ խաղաղ կերպով եւ իմաստութեաամբ կառավարել Տարօն գաւառը, որ Մամիկոնեան ընտանիքի ժառանգութիւնն էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.